ԻՐԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿԱԾ Է՝ ԴԷՊԻ ԵՒՐՈՊԱ ԿԱԶ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը նախատեսէ շուտով թափ տալ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխին վրայով գործողութիւններուն՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ։ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ճէյմս Պրայնտըլ յայտնեց, թէ ԱՄՆ-ի ռազմաօդային զօրքերուն պատկանող վեց հատ F-16 ռազմաօդանաւ ուղարկուած է Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը, ուրկէ մօտաւոր ապագային պիտի իրականացուին գործողութիւններ։ Փենթակոնի բանբերը նշեց նաեւ, թէ ԻՇԻՊ-ի դէմ ստեղծուած միջազգային համախոհութեան օդային գործողութիւններուն մասնակցելու ուղղութեամբ Թուրքիոյ վճռական խոստումը կը շարունակուի։ Պրայնտըլ աւելցուց նաեւ, թէ ըստ գործողութիւններու արդիւնքին յառաջանալիք անհրաժեշտութիւններուն՝ ամերիկեան կողմը կուտակումներ կրնայ ընել Ինճիրլիքի ռազմախարիսխին մէջ։
Ամերիկեան կողմը ցարդ գործողութիւնները կ՚իրականացնէ անօդաչու թռչող սարքերով։ Հիմա պատրաստութիւն կը տեսնուի, որպէսզի արդէն սովորական ռազմաօդանաւերով շարունակուին գործողութիւնները։ Փենթակոնի բամբերը յայտնեց, թէ համակարգուած ձեւով կ՚աշխատին Թուրքիոյ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան հետ եւ այդ գործողութիւնները պիտի իրականացուին յարմարագոյն ժամանակով։
Պրայնտըլ աւելցուց նաեւ, թէ տարածքաշրջանէ ներս օդային երթեւեկը բաւական ծանրաբեռնուած է եւ այս պատճառով ամերիկեան կողմը Թուրքիայէն պահանջած է Սուրիոյ մէջ առանձին օդային յարձակումներ չիրականացնել՝ համախոհութեան զօրքերուն համար անվտանգ օդային տարածք մը ապահովելու առաջադրութեամբ։ Թրքական կողմն ալ ընթացք տուած է այդ ակնկալութեան։