ՀԱՅԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ԲՌՆԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

Աշ­խար­հի վրայ փաս­տուած ի­րո­ղու­թիւն մըն է, թէ ա­ռած­նե­րը, ո­րոնք ան­ցեա­լէն հա­սած են մե­զի, միշտ ալ ի­րենց մէջ կը կրեն ի­րա­կա­նու­թիւն մը: Այլ խօս­քով ա­նոնք գրուե­լու եւ կամ ը­սե­լու սի­րոյն գրուած խօս­քեր չեն, այլ ան­յայտ­նե­րու կող­մէ մե­զի փո­խան­ցուած փի­լի­սո­փա­յու­թիւն­ներ են: Այդ հրա­շա­լի փի­լի­սո­փա­յա­կան ճշմար­տու­թիւն ընդգր­կող ճշմար­տու­թիւն­նե­րէն մէկն է այն ա­ռա­ծը, որ կ­­՚ը­սէ. «Մարդ միայն կորսնց­նե­լէ ետք կրնայ իր կորսն­ցու­ցա­ծին ար­ժէ­քը գիտ­նալ»:

Հա­ւա­նա­բար այդ է պատ­ճա­ռը, որ սո­վե­տա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, երբ կորսն­ցու­ցած էինք ա­զատ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեամբ մեր Հայ­րե­նի­քը, ու­նե­ցանք այն­պի­սի հրա­շա­լի բանաս­տեղծ­ներ, ո­րոնք կրցան ժո­ղո­վուր­դին մէջ ներշն­չել հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնն ու ազ­գա­յին հայ ո­գին, ո­րոնց փաս­տը մին­չեւ օրս ա­նոնց որ­պէս մեծ բա­նաս­տեղծ­ներ յի­շուիլն է, ինչ որ է պա­րա­գան Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցի, Պա­րոյր Սե­ւա­կի, Յով­հան­նէս Շի­րա­զի եւ ու­րիշ տա­ղան­դա­ւոր­նե­րու:

Մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ ա­մէն պա­րա­գա­յի հա­մար ե­ղած է այն­պէս, որ մար­դիկ գրած են սի­րոյ մա­սին՝ երբ կորսնցու­ցած են ի­րենց սէ­րը, իսկ հա­րա­զատ­նե­րու մա­սին՝ ա­նոնց կո­րուս­տէն ետք միայն: Պարոյր Սե­ւակ եւս իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն մէջ կը յի­շէ նման գա­ղա­փար մը, ը­սե­լով. «Մթու­թեան ե­րանգ­ներն ա­ռատ են ա­ւե­լի»:

Նոյն այդ կորսնց­նե­լու եւ զօ­րա­ւոր կա­րօ­տի զգա­ցումն է, որ մղած է մեր գրող­նե­րը գո­վեր­գե­լու եւ տա­րա­ծե­լու Հայ­րե­նի­քի ու հա­յու­թեան հան­դէպ սէ­րը եւ նուի­րու­մը: Ա­նոնք գրած են այն ա­տեն, երբ ար­գի­լուած էր հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն եւ ազ­գայ­նու­թիւն քա­րո­զել, այդ­պէ­սով շատ ան­գամ ի­րենց կեան­քը վտան­գե­լով՝ հրա­բու­խի պէս ժայթ­քած են մի միայն հա­յու­թեան եւ Հայ­րե­նի­քի հան­դէպ սէր քա­րո­զե­լով:

Կար­դա­լով ան­ցեա­լի մե­ծե­րուն հայ­րե­նա­սի­րա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը, կա­տա­րե­լով ան­ցեա­լի եւ ներ­կա­յի մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւն­նե­րու փոքր քննու­թիւն մը՝ յան­գե­ցայ հե­տե­ւեալ գա­ղա­փար­նե­րուն։

Ա.- ՀԱՅ­Րե­ՆԱ­ՍԻ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ՝ ԵՐԲ ԱՐ­ԳԻԼ­Ո­ՒԱԾ Է ՀԱՅ­Րե­ՆԻՔ ՔԱՐ­Ո­ԶեԼ

Բո­լորս ալ գ­­իտ­ենք, թէ մեր բա­նաս­տեղծն­եր­էն քան­ի՜ քա­նի­ներ ի­րե­նց հայ­րե­նա­սի­րու­թե­ան հա­մար դա­տա­պարտուած ե­ն բան­տար­կու­թե­ան: Բա­նաս­տեղ­ծնե­րէն քա­նի՜ քա­նի­նե­րու բա­նաս­տեղծ­ա­կան հա­տորն­ե­րը են­թար­կուա­ծ են կրճա­տում­նե­րու, ա­նոնց մէ­ջէն փոր­ձե­լո­վ դուրս բե­րել հայ­րե­նա­սի­րա­կան տո­ղե­րը: Ա­նոնց­մէ է օ­րի­նա­կ Ե­ղի­շէ Չա­րենց­ը, որ նոյ­նիսկ իր բան­տար­կու­թեան օ­րե­րուն կը շա­րու­նա­կէր քա­րո­զել հայ­րե­նա­սի­րութ­իւն, շատ ան­գամ ծած­կագ­րե­րով: Այլ օ­րի­նակ մըն է Յով­հան­նէս Շի­րա­զի «Հա­յոց տան­թէակ­ան»ը, ո­րուն ամ­բողջ­ա­կան տպագ­րու­թիւն­ը մին­չեւ այ­սօր չէ կա­տա­րուած: Եւ շատ են շար­քը ա­յն ե­րա­նե­լի­նե­րուն, որ ան­տե­սե­լո­վ ի­րե­նց կեան­քն ու շա­հե­րը ի­րենք զի­րենք նու­րի­րած են ազ­գին, ո­րուն հա­մար ար­ժա­նա­ցած են ան­մա­հութ­եան դափ­նե-պըսա­կին:

Որ­պէս ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան գիծ Պա-րոյր Սե­ւակ եւս կը վկա­յէ ա­յդ մա­սին՝ փո­խան­ցե­լով մե­ծե­րու հո­գե­բա­նա­կան ըմբ­ռնու­մը. «Միայն թէ ա­նեն մտա­ծածն ի­րե­նց, ի՜նչ փոյթ թէ մեռ­նեն ժա­մա­նա­կից շուտ», եւ այդ յա­մառ ու հ­­աս­տատ ո­գին է­, որ այ­սօր զի­րեն­ք հաս­ցու­ցած է այ­ն բար­ձուն­քին, ո­րուն ի­րա­պէս ար­ժա­նի են­:

Պ. Սե­ՒԱԿ

Գաղտ­նօ­րէն կ­­ա­տա­րուած հայ­րե­նաս­ի­րու­թեան քա­րոզ­չու­թեան մէջ կ­­՚ու­զեմ ա­ռա­ջին շ­­եշտս դնել Պա­րոյր Սե­ւա­կի վրայ: Պահ մը մտա­բե­րենք ա­նոր բա­նաս­տեղ­ծա­կան եր­կե­րէն մէկ եր­կու ա­նուն­ներ: «Ե­ղի­ցի լո­յս­», «Մար­դը ա­փի մէջ» եւ այլ վեր­նա­գիր­նե­ր, ո­րոնք պա­տա­հա­կա­նօ­րէն ե­ւ կամ հոն բ­­ան մը դը-ն­­ե­լու սի­րոյն ճշդուած խո­րա­գիր­ներ չեն:

­Սե­ւակ ե­ղած է բուռն պայ­քա­րո­ղը ընդ­դէմ բռնա­տի­րու­թեան, հայ­րե­նա­սի­րակ­ան ա­զա­տազր­կու­մի ե­ւ օ­տար­ի իշ­խա­նու­թե­ան տակ գտնուե­լուն: Ու գաղտ­նօ­րէն եւ ա­տեն-ա­տեն բա­ցա­յայտ իր մ­­իտ­քե­րը ար­տա­յայ­տած է իր բա­նաս­տեղ­ծութ­իւն­նե­րու­ն մէջ, որնց­մէ մէ­կն է «Ե­ղի­ցի լո­յս­» ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը­, որ կը նշա­նակէ «Թող լոյս ըլ­լայ»:

Երբ ը­սենք «թող լոյս ըլ­լայ», կը նշա­նա­կէ, թէ ար­դէն կ­­ը գտ­­նուինք մթու­թեան մէջ եւ խա­ւա­րէն լոյ­սի գա­լու փա­փաքն է, ո­ր ու­նի­նք մեր սրտե­րուն մէջ: Այս պա­րա­գա­յին Սե­ւակ որ­պէ­ս խա­ւար կը դի­տէ իր ժա­մա­նա­կի կա­ռա­վա­րու­թիւնն ու իշ­խա­նու­թիւնն­ե­րը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք օ­տա­րու­թիւն կը հո­տէին, հե­ռու ա­մէն տե­սակ հա­յու ար­ժա­նիք­նե­րէ ե­ւ ներշն­չա­կան հո­գիէ­: Ա­ռանց վա­րա­նե­լու Ս­­ե­ւակ լոյ­սը կը փնտռէր տ­­ի­րող խա­ւա­րին մէջ ու եր­բեք չէր վա­րա­ներ այդ մէ­կը խա­ւար կո­չել, ո­րով­հե­տե­ւ ինք եւ իր նման­նե­րը կա­րօ­տը ու­նէին կոր­սուած­ին:

­ՍԻԼ­ՎԱ ԿԱ­ՊՈՒ­ՏԻ­Կե­ԱՆ

Հայ­րե­նի­քի հան­դէպ ան­սահ­ման սէր ա­րտա­յայ­տող տո­ղեր գ­­րող­նե­րէ­ն է նաեւ Ս­­իր­վա Կա­պու­տի­կե­ան­, որ իր հայ­րե­նաս­իր­ու­թե­ան սահ­ման­նե­րը ան­ցնե­լով կը գրէ հե­տե­ւեա­լ տո­ղեր­ը.-

«Սէր - նման է նա Հայ­րե­նիք­ին,

Հայ­րե­նիք­ի պէս նա միակ է մի­շտ,

Հայ­րե­նիք­ի պէս միշտ ան­զու­գա­կան...»:

Ինչ­քա՜ն յան­դուգն են այս տո­ղե­րը­: Բա­նաս­տեղ­ծուհ­ին­, որ ի­րա­կա­նու­թեան մ­­էջ շատ ան­գամ ին­ծի հա­մա­ր իս­կա­կա­ն տ­ղա­մարդ բա­նաս­տեղծ կը թուի ըլ­լա­լ, իր հայ­րե­նա­սիր­ու­թեան շղ­­թա­նե­րը փշրե­լով իր սէ­րը կը ն­­մա­նցնէ Հայ­րե­նի­քին եւ ոչ թէ Հայ­րե­նի­քը իր սի­րոյ, ըս­ել ու­զե­լով, որ Հայ­րե­նի­քը ա՛լ ա­ւե­լի բարձ­ր եւ քաղցր է իր էու­թեամբ ու չա­փով մը ա­ւե­լի բարձ­ր քան իր սէ­րը, ինչ որ ներ­կայ մարդ­կու­թեան հ­­ա­մար չ՚անդ­րան­ցե­լիք ս­­ահ­ման մըն է:

Նման բազ­մա­թիւ օ­րի­նակ­նե­ր կա­րե­լի է յի­շել այլ հայ բա­նաս­տեղծ­նե­րէ:

Բ.- ՆեՐ­ԿԱՅ Օ­Րե­ՐՈՒ Ո­ԳԻՆ եՒ ՇՈՒՆ­ՉԸ

Ներկ­այ­իս երբ Հա­յաս­տա­նը ու­նի անկ­ա­խա­ցած վի­ճակ ու ալ օ­տա­րի լու­ծին տակ չի գտնուիր, զգա­լի է նուա­զու­մը հ­­այ­րե­նաս­ի­րու­թե­ան ե­ւ ազ­գա­յին շուն­չի քա­րո­զչու­թեան­: Հա­կա­ռակ, որ սփիւռ­քա­հա­յեր տկա­ւին կա­րօ­տովն են այդ հո­ղին, սա­կայն հե­ռա­ւո­րու­թիւն­ն ու կա­րօ­տը չու­նին այն ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը՝ ին­չ որ գոյ­ու­թիւն ու­նէր ան­ցեա­լին: Սա­կայն ար­դար գտնուե­լու հա­մար ը­սենք, ո­ր հայ­րե­նա­սի­րու­թեան կայ­ծը ե­րի­տա­սար­դու­թեան մէկ մաս­ին քով ար­դէն իսկ կա­մաց-կա­մաց սկսած է կայծկլ­տիլ, ոգ­ե­ւո­րե­լով զի­րենք ազ­գա­յին եւ մշա­կու­թա­յի­ն ար­ժէք­նե­րու պ­­ահ­պա­նու­մին ու տի­րա­պե­տու­մին ա­ռը­նչու­թեամ­բ: Ներ­կա­յիս դժբախ­տա­բա­րատ չա­փա­նի­շեր յե­ղաշր­ջու­մի են­թա­րկուե­լով կ­­րած են հսկ­­ա­յա­կան փո­փո­խու­թիւ­ններ: Միտ­քի խե­լա­հա­սու­թեան ու խե­լա­ցու­թեան չա­փա­նիշ գծուած են օ­տար գիր­քեր. կա­րե­ւոր չէ ա­նոնց գրողն ու նիւ­թը, սակ­այն անգ­լե­րէն գիր­քի մը ըն­թեր­ցա­նու­թիւ­նը, ման­ա­ւանդ յե­տին նպա­տակ­նե­րով հ­­ան­րու­թեան մէ­ջ կար­դա­լը, դար­ձած է խե­լա­ցու­թեան չա­փա­նիշ: Շա­տե­րու համ­ար թե­րեւս քա­ռա­սուն հա­տոր Պա­րոյր Սե­ւակ, Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեան եւ կամ Յով­հան­նէս Շի­րազ կար­դա­լը ոչ մէկ ար­ժէք ու­նի՝ քան մէկ Շէյքս­փիր կամ Վիք­թոր Հիւ­կօ կարդ­ա­լը, ո­րով­հե­տե­ւ ա­նուն­նե­րը ին­չպէս հա­գուս­տի, ինք­նա­շար­ժի եւ գրե­թէ ա­մէն ին­չի պա­րա­գա­յին, նո­յնպէս գրա­կա­նու­թեան մէ­ջ ալ ե­ղած ե­ն նո­յն ար­ժե­չա­փը:

Նար-Դոս թող գրէ սքան­չե­լի սիր­ա­յին նիւթ մը: Նոյն նիւ­թը նոյ­նութ­եա­մբ թող հրա­տա­րա­կուի Շէյ­քսփի­րի ա­նուն­ով ու հա­ւա­տա­ցէք մարդ­իկ կը սքան­չա­նան այն գիր­քին վ­­րա­յ միայն, ո­րուն վրա­յի ա­նուն­ը Շէյքս­փիր է: Օ­րի­նա­կը ա­ւե­լի ընդ­հա­նրաց­նենք: Հա­յ գ­րող մը թող ը­սէ. «Սէ­րը քաղցր է տղաս, սա­կայն ու­նի մե­ծ ցա­ւեր...» ու ա­նոր թող կցէ հայ­կա­կան ա­նուն մը եւ այլ տեղ նոյն տո­ղը գրե­լո­վ թ­ող դնէ մեծ գրո­ղի մը ան­ու­նը: Հա­կառակ բա­ռա­ցիօ­րէն ն­­ոյ­նը ը­լլա­լուն, վստահ ե­ղէք օտ­ա­րի­նը ա՛լ ա­ւե­լի եւս պի­տի սիր­ուի ու տա­րածուի քան հա­յու­նը, ո­րո­վհե­տեւ մտայ­ին հա­սու­նու­թե­ան ու զար­գաց­ման չա­փա­նի­շե­րը ե­ւս են­թար­կուած են կեղ­ծի­քի ու եր­ե­ւու­թա­պաշ­տու­թեան:

Յա­ճախ ե­րե­ւա­կա­յե­լը ան­գա­մ ցա­ւա­լի կը թուի մ­­տա­պատ­կե­րիս առ­ջե­ւ, թէ ար­դեօք ի՞ն­չ պի­տի ըլլ­այ մեր վի­ճա­կը... ոչ թէ հա­րիւր այլ քսան տա­րի­ներ ետ­ք:

Բո­լորս ալ պահ մը կ՚ո­գե­ւո­րուին­ք՝ տես­նե­լով նո­ր սե­րուն­դի­ն կա­տա­րած ձեռ­նարկն­երն ու կազ­մա­կեր­պած հա­յա­պահ­պան­ման աշ­խա­տանք­նե­րը, սա­կա­յն ան­դին մի ք­­ա­նի օ­րեր ետք տես­նե­լով այ­լ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ան­տար­բե­րու­թիւ­նը լ­­ե­զուի ու գրա­կա­նու­թեան նկ­­ատ­մամբ կ՚ըն­ճուին­ք եւ կը տա­րուինք մ­­տա­ծում­նե­րով, թ­­է ի՞նչ վախ­ճան պի­տի ուն­ե­նայ այս սար­սա­փե­լի ընթ­աց­քը:

Թէեւ տա­րի­ներ առ­աջ Ա­ւե­տիս Ա­հար­ո­նեան կը գրէր. «Լե­զուն ապր­ում է ա­յնտեղ, ուր ստեղ­ծուել է: Հայ­րե­նի­քից դու­րս նա ար­մա­տա­խիլ բոյս է, որ մեռ­նում է թ­­ա­ռա­մած», սա­կայն այ­սօր այս թեր­թին հ­­այ­ե­րէն ու հա­յա­տառ հրա­տա­րա­կուի­լը փ­­աստ մըն է այն պայ­քա­րին, որ տա­կա­ւին կայ հայ լե­զուն Սփի­ւռքի մէջ, սա­կայն պա­կա­սը կայ հ­­այ­րե­նա­սի­րու­թեան ու ազ­գա­յին ո­գիի քա­րո­զչու­թեան­:

Օ­տար գրա­կա­նու­թիւ­նը ու­նի իր տե­ղը, ու­նի իր բարձ­րու­թիւ­նը, սա­կա­յն նոր սե­րուն­դը պէտք է գիտ­նայ, որ հա­յե­րէն գր­­ա­կա­նու­թիւ­նը ե­ւս կը մրցի ու կը հա­ւա­սա­րի ա­նոնց եւ ինք­նա­գո­վու­թիւ­ն թո­ղ չի սե­պուի երբ ը­սեմ, որ նոյ­նիսկ շատ ան­գամ կը գե­րա­զան­ցէ զա­նոնք:

Փառք այն հե­րոս­ներ­ուն, ո­րոնք ի­րե­նց կե­ան­քի գնով քա­րո­զե­ցին հ­­այ­րե­նա­սի­րու­թիւն ու փո­խան­ցե­ցին ազ­գա­յին ո­գի եւ շ­­ունչ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼեԱՆ

«Զարթօնք», Պէյրութ

 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2015