ՂՊՏԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ՝ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս վեր­ջերս հիւ­րըն­կա­լուե­ցան խումբ մը ղպտի ե­րի­տա­սարդ­ներ։ ԱՄՆ-ի Ա­րե­ւե­լեան ա­փէն մեկ­նած՝ Ղպտի ե­րի­տա­սար­դաց միու­թեան քա­ռա­սուն ան­դամ­նե­րը ջեր­մօ­րէն դի­մա­ւո­րուե­ցան Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի հա­մա­լի­րէն ներս՝ Լոս Ան­ճե­լըս։ Ա­նոնք նախ այ­ցե­լե­ցին Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց Մայր տա­ճա­րը, ուր կա­տա­րե­ցին ի­րենց ուխ­տի ա­ղօթ­քը։ Սուրբ Էն­թը­նի ղպտի ուղ­ղա­փա­ռաց վան­քը վե­րա­դառ­նա­լէ ա­ռաջ, ե­րի­տա­սարդ ուխ­տա­ւոր­նե­րը փա­փա­քած էին այ­ցե­լել Ա­րեւմ­տեան Թե­մի կեդ­րո­նը։ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Հայկ Մա­տո­յեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ ա­նոնք տե­սան Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց Մայր տա­ճա­րը, ա­պա նաեւ այ­ցե­լե­ցին յա­րա­կից Զօ­րաեան թան­գա­րա­նը։

Շրջա­գա­յու­թեան ա­ւար­տին հիւր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը վերս­տին հա­ւա­քուե­ցան Մայր տա­ճա­րի դա­սին մէջ, ուր զի­րենք սի­րով ող­ջու­նեց Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան։ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նին կող­մէ կա­տա­րուած հա­ղոր­դում­նե­րով, հիւ­րե­րուն խօսք ուղ­ղե­լով Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տեց հո­վուա­կան իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը եւ ուղ­ղու­թիւ­նը ե­րի­տա­սարդ ուխ­տա­ւոր­նե­րուն, գնա­հա­տե­լով ա­նոնց աս­տուա­ծա­հա­ճոյ մտայ­ղա­ցու­մը՝ այ­ցե­լե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ տեղ­ւոյն թե­մը։

Հիւր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հո­գե­ւոր մխի­թա­րու­թեամբ, զօ­րա­ցած հա­ւատ­քով եւ վառ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով հրա­ժեշտ ա­ռին Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2015