ՏԱՒՈՒՇԻ ՄԷՋ ՍՏՈՒԳՈՒՄ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան վերջերս այցելեց յառաջապահ դիրքեր ու ծանօթացաւ անոնց ամրութիւններուն։ Բարձրաստիճան զինուորականներու ընկերակցութեամբ ան հերթական ուղեւորութիւնը կատարեց դէպի Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանագօտին։ Օհանեան այնտեղ տեղակայուած զօրամասերուն մօտ տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ ծառայութեան կազմակերպման, զինուորներու մարտական ու մասնագիտական պատրաստութեան, ընկերակենցաղային պայմաններուն եւ ձեռնարկուած շինարարական աշխատանքներու ընթացքին։ Նախարարը ստուգեց նաեւ զօրամասերու զինուորական ճաշարաններու ֆիզիքական եւ առողջապահական կացութեան, զինուորներուն մատուցուած սնունդի որակին ու չափաբաժիններուն։
Սէյրան Օհանեան միեւնոյն ժամանակ եղաւ մարտական յենակէտերու մօտ, ուր ծանօթացաւ ամրաշինական կառոյցներու կացութեան, ստուգեց մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինուորներու պարտականութիւններու իմացութիւնը։ Նախարարը շրջեցաւ խրամատներուն մէջ ու կատարեց սահմանագծի դիտարկում։ Ան նաեւ խրախուսական նուէրներ յանձնեց այն զինուորներուն, որոնք ուշադրութեան կ՚արժանանան իրենց ծառայութեամբ ու լաւագոյնս կը տիրապետեն պարտականութիւններուն։
Հիւսիս-արեւելեան սահմանագօտի կատարած այցելութեան շրջագծով զօրամիաւորման եւ զօրամասերու հրամանակազմին հետ Սէյրան Օհանեան քննարկեց մարտական պատրաստութեան, առաջնագծի վրայ առկայ իրավիճակին, զինուորներու կենցաղային պայմաններուն ու ձեռնարկուած շինարարական աշխատանքներու ընթացքին մասին հարցեր։ Օհանեան հրամանակազմին տուաւ համապատասխան ցուցումներ եւ յանձնարարականներ՝ շարունակուող աշխատանքները նախատեսուած ժամկէտներով եւ առաւել արդիւնաւէտութեամբ իրականացնելու ուղղութեամբ։
Բանակային զօրամիաւորման ենթակայ ստորաբաժանումներէն մէկուն մէջ Օհանեան զրուցեց նաեւ նորակոչիկներուն հետ։ Յղելով իր ողջոյնները՝ Սէյրան Օհանեան անոնց մաղթեց խաղաղ ծառայութիւն։ Ան կարեւորեց զինուորական ծառայութիւնը իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի համար՝ թէ՛ հայրենիքի նկատմամբ պարտքը կատարելու եւ թէ բարոյականութեան ու կամքի յատկանիշներ ձեռք բերելու տեսանկիւնէն։
Շրջայցի ընթացքին Սէյրան Օհանեան հանդիպեցաւ նաեւ սահմանամերձ շարք մը համայնքներու ղեկավարներուն եւ բնակիչներուն հետ՝ ծանօթանալով անոնց խնդիրներուն ու մտահոգութիւններուն։ Նախարարը վստահեցուց, թէ պետական սահմանի պաշտպանութիւնը վստահելի ձեռքերու մէջ է եւ ամէն ինչ կը կատարուի քաղաքային ժողովուրդի առօրեան առաւել անվտանգ դարձնելու ուղղութեամբ։