ՅՈՅՍԻ ՆՇՈՅԼ ՉԿԱՅ
Ատրպէյճան կը շարունակէ պաշարման տակ պահել Արցախը, ուր առաջին անհրաժեշտութեան ամէն ինչ գրեթէ վերջանալու վրայ է։ Միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը բաւարար չ՚ըլլար ստեղծուած իրավիճակին վերջ տալու եւ ծայրայեղ հետեւանքները կանխելու համար։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը բաւարարուի տեղեկացնելով, որ հրադադարի դրութեան խախտումներ կ՚արձանագրուին Արցախի մէջ։ Պարզ է, որ խօսքը կը վերաբերի Ատրպէյճանի բանակին կողմէ կատարուած յարձակումներուն՝ մանաւանդ, որ վերջին օրերուն թիրախային կրակի ենթարկուեցան Արցախի հայեր, որոնք դաշտերու մէջ կ՚աշխատէին։ Հեղինակաւոր իրաւապաշտպաններու կամ իրաւաբաններու կողմէ հնչեցուած ահազանգին եւ ազդու լրատուամիջոցներու մէջ անոնց գտած արձագանգին կապակցութեամբ Պաքուէն հնչած ձայներն ալ կու գան վերահաստատել, թէ միջազգային հանրութիւն ըսուածին ազդեցութիւնը ի վերջոյ մեծ զերօ մըն է։ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարները Արցախի ենթարկուած վիճակին վերաբերեալ գնահատականները կ՚որակեն միակողմանի, իսկ անոնց տեղ տուած լրատուամիջոցներն ալ կը մեղադրեն հայկական քարոզչութիւն ծաւալելով։
Երէկ, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Հիւսիսային Մակեդոնիայի արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանի հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ ԵԱՀԿ-ի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս հեռախօսազրոյցներուն ժամանակ Օսմանի մտահոգութիւն յայտնած է Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին եւ խաղաղ բնակչութեան՝ մանաւանդ խոցելի խումբերու, կանանց ու երեխաներու վրայ ազդեցութեան վերաբերեալ։ Ան ընդգծած է, որ իրավիճակին կը հետեւի ուշադրութեամբ ու կրկնած է արդիւնաւէտ ու շինիչ երկխօսութեան ուղղեալ իր կոչը՝ որպէս կայուն լուծումներու ճանապարհ՝ ի շահ հակամարտութենէն տուժած բնակչութեան։ Պույար Օսմանի շեշտած էր, որ պէտք է գերակայեն մարդասիրական նկատառումներն ու մարդոց անմիջական կարիքները։ Ան առաջարկած է իր սպասարկութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ի միջոցներն ու վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ այլ եզրեր՝ որպէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ու վստահութեան ամրապնդման լուծումներու մաս։
Հեռախօսազրոյցներու ընթացքին Պույար Օսմանի նշած է նախապէս նախարարներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներն ու Երեւան եւ Պաքու կատարած այցելութիւնները։ Օսմանի պատրաստակամութիւն յայտնած է՝ շարունակելու համար իր անձնական ու աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը կողմերուն հետ։ Ան կրկնած է, որ ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը պատրաստ է դիւրացնել երկխօսութիւնը կայուն ու խաղաղ կարգաւորում յառաջ տանելու համար։
Հայկական դիւանագիտական աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Միրզոյեան Օսմանիի նկատառման յանձնած է, թէ յունիսի 15-էն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կը գտնուի լիակատար շրջափակման մէջ։ Կը խոչընդոտուի նոյնիսկ Կարմիր խաչի Լեռնային Ղարաբաղ մուտքը։ Կողմերը ընդգծած են տեղւոյն վրայ մարդոց տեսակէտէ մարդասիրական իրավիճակի հանգուցալուծման հրատապութիւնը եւ այս ուղղութեամբ միջազգային գործընկերներու հետ համատեղ քայլերու անհրաժեշտութիւնը։ Միրզոյեանն ալ կարեւորած է ցարդ միջազգային գործընկերներու կողմէ կատարուած՝ Ատրպէյճանին ուղղեալ թիրախային յայտարարութիւնները եւ ընդգծած է, որ այս ուղղութեամբ հետեւողականութիւնն ու ջանքերու համադրումը անհրաժեշտ է։ Միրզոյեան եւ Օսմանի կարծիքներ փոխանակած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի հարթակին վրայ համագործակցութեան հարցերու շուրջ։
Արարատ Միրզոյեան, որ այս օրերուն իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ կ՚ունենայ իր օտարերկրեայ պաշտօնակիցներուն հետ՝ երէկ տեսակցեցաւ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Ապտուլլահ պին Զաիտ ալ Նահիանի հետ։ Ան այս առթիւ իր պաշտօնակցի նկատառման յանձնեց Արցախի մարդասիրական ճգնաժամը, որ կ՚ահագնանայ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էտմոն Մարուքեան հարցազրոյցի մը ընթացքին տեղեկացուց, որ Երեւան Արցախի փակ միջանցքի հարցը օրակարգի վրայ պիտի բերէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ։ «Ոեւէ մէկը չի կրնար ըսել, ե՞րբ, ո՞ր օրը, բայց Հայաստանի Հանրապետութիւնը հարցը պիտի բարձրացնէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ ներկայիս կ՚ընթանան աշխատանքներ։ Իր խօսքով, նախապատրաստական աշխատանքները յառաջ կը տարուին այն ծաւալով, որով կարելի է յոյս ունենալ, թէ հնարաւոր է ակնկալել արդիւնք մը։ Հայկական կողմը աշխատանք կը տանի, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները՝ յատկապէս հինգ մշտական անդամներէն ոեւէ մէկը չխոչընդոտէ այս գործընթացը։