ԸՍՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՀԱՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՔՆՆԱՐԿԱԾ Է ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՀԱՐՑԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Յունաստան, հարցազրոյցի մը մէջ անդրադարձաւ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման նպատակով Անթիլիասի կողմէ բացուած դատին՝ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կիլիկեան Աթոռի գահակալը յայտարարեց, թէ իրենք համակողմանի քննարկած են այս հարցը։ «pontos-news.gr»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս դիտել տուած է, թէ սոյն որոշումը չէ առնուած հապշտապ։ Նոյն կապակցութեամբ ան ըսած է հետեւեալը. «Այս հարցը մենք քննարկած ենք նոյնիսկ թուրք իրաւաբաններու, միջազգային իրաւունքի, մարդու իրաւանց մասնագէտներու հետ։ Ուսումնասիրած ենք Լոզանի համաձայնագիրը։ Այսինքն՝ մենք խնդիրը ուսումնասիրած ենք համակողմանի»։
Արամ Ա. Կաթողիկոս նոյն հարցազրոյցին մէջ արտայայտած է այն տեսակէտը, թէ անկախ Թուրքիոյ ընդունելու կամ չընդունելու հանգամանքէն, պատահած է ցեղասպանութիւն մը։ Ըստ իրեն, այս բանը ոչ ոք յօրինած է, իսկ հետեւանքները շատ լուրջ են։ «Մեր ժողովուրդի ամբողջ ստացուածքը, համայնքային շէնքերը, եկեղեցիները աւերուած են հիմնովին կամ մասնակի եւ անոնց մեծամասնութիւնը պետականացուած է Թուրքիոյ ղեկավարութեան կողմէ։ Հարիւր տարի անց, իբրեւ կաթողիկոս, կը յայտարարեմ, որ այդ կառոյցները կը պատկանին հայկական եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին», ըսաւ Արամ Ա. եւ աւելցուց, թէ իրենք կը սկսին Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձէն, որովհետեւ այս հարցը ունի քաղաքական, բարոյական եւ հոգեւոր նշանակութիւն։
Ըստ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, հայ ժողովուրդը կը պայքարի իր մօտեցման միջազգային ճանաչման համար եւ առաջին անգամ ըլլալով ընտրած է նոր ռազմավարութիւն մը՝ հարցը նաեւ դատական հարթութեան վրայ յառաջ քշելով։