ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԵՐԿԱՐԱԳՈՅՆԸ

Ե­րե­ւա­նի «Մա­րիոթ Ար­մե­նիա» պան­դո­կը նա­խըն­թաց օր ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նով մը։ Այս­պէս, պան­դո­կին խո­հա­րար­նե­րը պատ­րաս­տե­ցին վիեն­նա­կան հսկայ շթրու­տէլ մը։ Յայ­տա­րա­րուե­ցաւ, թէ այս մէ­կը Կով­կա­սի մէջ պատ­րաս­տուած ա­մե­նաեր­կար շթրու­տէլն էր։ Պան­դո­կին առ­ջե­ւը գտնուող բա­ցօ­թեայ սրճա­րա­նի ամ­բողջ շրջա­կայ­քին զե­տե­ղուած էր այս աւստ­րիա­կան դա­սա­կան խնձո­րով հա­մեղ քաղց­րա­ւե­նի­քը։ Պան­դո­կի խո­հա­րար­նե­րը եւ մա­տու­ցող­նե­րը այս հսկայ շթրու­տէ­լը շերտ առ շերտ հրամ­ցու­ցին ան­ցորդ­նե­րուն, ո­րոնք փոք­րիկ հերթ մը կազ­մե­ցին համ­տե­սե­լու հա­մար շթրու­տէ­լը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2015