ԱՆԳԱՐԱ-ԵՐԵՒԱՆ ՆՈՐ ՇՓՈՒՄ

Պաշարեալ Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր մարդասիրական իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ, այսօր Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփում մը կը նախատեսուի։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեղեկացուց, որ այսօր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ կը տեսակցի։ Մարդասիրական տագնապի պայմաններուն ներքեւ Արցախի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան դէմ Թուրքիա բուռն հակազդեցութիւն ցոյց կու տայ, ինչպէս միշտ, Ատրպէյճանին համազօր։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, շաբաթավերջին Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Հաղորդուեցաւ, որ անոնք քննարկած են Արցախի իրավիճակը, նաեւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Էրտողան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները քննարկեց նաեւ Նիւ Տելհիի մէջ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ, Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս։ Շարլ Միշել այս կապակցութեամբ ամփոփ գրառում մը կատարեց ընկերային ցանցերու վրայ։ Ան տեղեկացուց, որ շօշափուած է տարածաշրջանի իրավիճակը՝ մասնաւորապէս Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կտրուածքով։ Նախագահ Էրտողանն ալ այս զրոյցին անդրադարձաւ Նիւ Տելհիի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին՝ նոյն առիթը ծառայեցնելով նաեւ տեղեկացնելու համար, որ այսօր կը տեսակցի վարչապետ Փաշինեանի հետ։ Ան ըսաւ.

«Վաղը (այսօր) Փաշինեանի հետ պիտի տեսակցիմ։ Մենք տարածաշրջանը անդորրութեան հրաւիրելէ զատ ճար չունինք։ Այստեղ՝ մասնաւորապէս ներկայիս Ղարաբաղի մէջ առնուած քայլերը ճիշդ չեն։ Անկարելի է այս բոլորը ընդունիլ։ Եւրոմիութեան երկիրներն ալ կ՚ընդունին այս բանը։ Շարլ Միշելի հետ տեսակցեցայ. անոնք ալ հաշտ աչքով չեն դիտեր այս իրադարձութիւնները։ Ուստի, պարոն Փաշինեանին հետ մեր ունենալիք տեսակցութեան ընթացքին պիտի յայտնենք, որ պէտք է այս նիւթին շուրջ զգուշացումներ ընեն եւ բացարձակապէս անընդունելի է այսպիսի ընտրութիւն մը»։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ

Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին սերտ շփման մէջ էր միջազգային ու տարածաշրջանային յառաջատար դերակատարներուն հետ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Այս բոլորի լոյսին տակ ԱՄՆ տեղեկացուց, թէ խորապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական իրավիճակով, որ արագօրէն կը վատթարանայ։ Ուաշինկթըն կոչ ուղղեց, որպէսզի անյապաղ ու նոյնաժամանակ բացուին Լաչին-Ստեփանակերտ եւ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհները՝ թոյլ տալու համար անհրաժեշտ մարդասիրական մատակարարումները Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան։ «Մենք կոչ կ՚ուղղենք առաջնորդներուն, որպէսզի լարուածութիւնը բարձրացնելիք որեւէ գործողութեան չձեռնարկեն կամ չշեղին այս նպատակէն։ Վէճերը լուծելու համար ուժի կիրառումը անընդունելի է։ ԱՄՆ կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն՝ ուղղակի երկխօսութեան միջոցաւ կարգաւորելու համար չլուծուած հարցերը՝ նպատակ ունենալով արժանապատիւ ու կայուն խաղաղութեան հասնիլը։ Մենք կը կրկնենք, որ Հայաստան-Ատրպէյճան որեւէ հաշտութեան համաձայնագիր պէտք է պաշտպանէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու անվտանգութիւնն ու իրաւունքները։ Մենք նաեւ կը խրախուսենք երկխօսութիւնը Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն միջեւ։ ԱՄՆ նաեւ կը վերահաստատէ յառաջընթացի միակ ճանապարհը՝ խաղաղութիւնը, երկխօսութիւնն ու Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը՝ իրարու ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ», յայտնեց Պլինքըն։

Իր կարգին, Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելն ալ յայտնեց. «Լաչինի միջանցքը պէտք է վերաբացուի հիմա, իսկ մնացեալ ճանապարհները. օրինակ՝ Աղտամը, կրնան վերաբացուիլ՝ որպէս ընդհանուր կարգաւորման մաս, այլ ոչ թէ որպէս այլընտրանք»։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2023