ՇԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ
Արցախի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նախագահի ընտրութիւն։ Այսպէս, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովը երկրի ղեկավար ընտրեց Սամուէլ Շահրամանեանը, որ այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ հրաժարեալ Արայիկ Յարութիւնեանին։ Պաշարեալ Արցախի տեսակէտէ ծայր աստիճան նուրբ իրավիճակի մէջ կատարուեցաւ նախագահական ընտրութիւնը։ Սամուէլ Շահրամանեան արդէն վերջին օրերուն կը պաշտօնավարէր՝ որպէս պետական նախարար, Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։
Ստեփանակերտի մէջ անմիջապէս տեղի ունեցաւ նաեւ նորընտիր նախագահին երդման արարողութիւնը։ Արցախի խորհրդարանի երդիքին տակ Շահրամանեան երդուեց ձեռքը դնելով Սահմանադրութեան եւ Սուրբ Աւետարանին վրայ։ Արցախի թեմէն քահանայ հայր մըն ալ օրհնեց զինքը պաշտօնամուտին առթիւ։ Շահրամանեանի երդման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Արցախի նախկին նախագահները՝ Արքատի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան, որոնք շնորհաւորականներ ալ յղեցին անոր։
Միջազգային գետնի վրայ Արցախի նախագահական ընտրութիւնը լայն արձագանգ գտած է՝ մինչ Ատրպէյճան ահաւոր բողոքի ձայն կը բարձրացնէ։ Թուրքիան ալ կը հետեւի նոյն քաղաքականութեան, որուն թարգման հանդիսացած է Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը։ Ամենաուշագրաւ բողոքները եկած են Ուքրայնայէն եւ Վրաստանէն, որոնք եւս առ ոչինչ համարած են ընտրութիւնը։
Սամուէլ Շահրամանեանի ընտրութեան առթիւ շնորհաւորականներ ուղարկեցին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմակալ առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։
Հայաստանի ղեկավարութիւնը չէ շնորհաւորած Արցախի նորընտիր նախագահը, ինչ որ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ ընդդիմադիր երեսփոխաններ եւս այսօր բարձրաձայնեցին, որ Երեւանէն տակաւին պաշտօնական շնորհաւորական մը չէ ուղարկուած Շահրամանեանին։