ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Վերամուտ է այսօր։ Դպրոցներուն մէջ դարձեալ հնչած է առաջին զանգը։ 2023-2024 կրթական շրջանը սկիզբ կ՚առնէ՝ աշակերտներու եւ կրթական մշակներու առջեւ նոր աշխատանքային ժամանակահատուածի մը դռները բանալով։ Ծնողներն ու վարչայիններն ալ, անշուշտ, երբեք անմասն չեն մնար ստեղծուած ոգեւորութեան մթնոլորտէն։

Պոլսահայ վարժարաններն ալ այսօր արդէն բացած են իրենց դռները։ Ինչպէս միշտ, վերամուտի ոգեւորութիւնը կ՚ուղղորդուի բազում հարցականներով՝ նիւթական խնդիրներէ սկսեալ, մինչեւ համայնքային դպրոցներու արդիւնաւէտութեան հարցերը։

Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր աշակերտներուն եւ կրթական մշակներուն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2023