ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏԿԵՐ

«Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային ֆորումը այսօր կ՚եզրափակուի։ Երկօրեայ քննարկումներու ընթացքին հնչած յայտարարութիւնները պատճառ դարձան Պաքուի բողոքին։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց՝ մանաւանդ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի յայտարարութիւններուն։ Մինչ այդ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ Անգարա-Երեւան բնականոնացման բանակցութիւններու յատուկ ներկայացուցիչներէն է, ֆորումի ընթացքին յայտնեց, թէ Թուրքիա եթէ քաղաքական կամք ունենայ, ապա յարաբերութիւնները վաղն իսկ ամբողջութեամբ կրնան կարգաւորուիլ։ Ընդհանուր առմամբ, «Երեւանեան երկխօսութիւն»ը առիթ դարձած է, որ տարածաշրջանի հակասութիւններու պատկերը ցոլանայ հերթական անգամ։

Նիկոլ Փաշինեան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Ատրպէյճանն ու Ռուսաստանը մեղադրեց՝ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի յայտարարութեամբ ստանձնուած պարտաւորութիւնները թերի կատարած ըլլալու մէջ։ «Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան մէջ չկայ որեւէ դրոյթ, որով Հայաստանի որեւէ տարածքին վրայ պէտք է այլ երկրի մը վերահսկողութիւնը ըլլայ», ըսաւ ան, որ միջազգային ֆորումի մասնակիցներու նկատառման յանձնեց՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։ Ի լրումն այս բոլորին, Փաշինեան արձագանգեց Հայաստանի Սահմանադրութեան վերաբերեալ Ատրպէյճանէն հնչած յայտարարութիւններուն։ Պաքուի մօտեցումները հերքելու առընթեր, Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան մէջ ալ կան շարք մը փաստաթուղթերու յղումներ եւ անոնք ալ տարածքային պահանջներ կը նշանակեն Հայաստանէն։

Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեանն ալ ֆորումի ընթացքին կրկնեց Փաշինեանի արտայայտած միտքը, ըստ որու՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը իրատես կը համարուի։ Հաւաքի ընթացքին Միրզոյեան շեշտեց, որ այժմու միջազգային դրութիւնները այլեւս չեն կարողանար արդիւնաւէտ կերպով հասցէագրել համաշխարհային առկայ մարտահրաւէրները։

«Երեւանեան երկխօսութեան» ընթացքին երէկ ելոյթներ ունեցան նաեւ Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մուհամմէտ Հասան Շէյխուլիսլամի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Լաշա Տարսալիա։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Շէյխուլիսլամի նշեց, որ Իրան համաձայն է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման՝ իւրաքանչիւր երկրի տարածքով անցնող ճանապարհներու իրաւազօրութիւնը ճանչնալու սկզբունքով։ Իսկ Տարսալիա մատնանշեց, որ Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրներու պատասխանատուութիւնն է ընդլայնել կապերը եւ նպաստել համապարփակ կայունութեան ու խաղաղութեան։ Այպանիոյ տնտեսութեան, մշակոյթի եւ նորարարութեան փոխ-նախարար Օլթա Մանիանին ալ յայտնեց, որ Հայաստան կրնայ իր աշխարհագրական դիրքին շնորհիւ կապի հանգոյց մը հանդիսանալ Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ասիոյ միջեւ։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալհան Հաճըզատէ երէկ յայտնեց, որ 1918 թուականի Ատրպէյճանի անկախութեան հռչակագրին մէջ Հայաստանի տարածքէն պահանջներ չկան։ Բաց աստի, ան ըսաւ. «Փաշինեանի յայտարարութիւնները թէ՛ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծի եւ թէ ընդհանրապէս հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան վերաբերեալ՝ կը խեղաթիւրեն իրականութիւնը»։

 Բաց աստի, ան պնդեց. «9-րդ կէտին մէջ յստակ նշուած է, թէ Հայաստան ի՛նչ պարտաւորութիւններ կը կրէ եւ ինչպէս պիտի կազմակերպէ փոխադրական հաղորդակցութիւններու վերահսկողութիւնը»։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2024