ՀԱՄԱՏԵՂ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ Արաբական լիկայի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը։ Շուրջ 13 տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ Թուրքիան ալ հրաւիրուած էր այս հաւաքին։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Գահիրէի մէջ կոչ ուղղեց, որպէսզի արաբական-մահմետական աշխարհը ըլլայ միասնական։ Ան համոզուած է, թէ այսօր Կազզէի մէջ արիւն կը հոսի, որովհետեւ Իսրայէլի նախորդ յարձակումները մնացած են անպատիժ։

«Այս անգամ տարբեր պէտք է ըլլայ։ Պատասխանատուները հաշիւ պէտք է տան միջազգային դատարաններու մէջ։ Ամէն ինչ պէտք է բացայայտուի։ Անոնք, որոնք կը շարունակեն խրախուսել Նեթանիյահուն, մեղսակից կը դառնան առկայ ցեղասպանութեան։ Անոնք ալ հաշիւ պիտի տան։ Թուրքիա Իսրայէլի հետ առեւտուրի պիտի չվերսկսի՝ որքան ատեն, որ մարդասիրական օժանդակութիւնները անարգել հասանելի չդառնան Կազզէի մէջ», ըսաւ Ֆիտան։

Բաց աստի, նախարարը Գահիրէի մէջ նշեց, որ արաբական-մահմետական աշխարհը պէտք է համատեղ ռազմավարական տեսլական մը ունենայ։ Այլապէս, պառակտումները դուռ կը բանան արտաքին միջամտութիւններու։ Ֆիտան յիշեցուց, որ յաջորդ ամիս Թուրքիոյ տանտիրութեամբ տեղի պիտի ունենայ Թուրք-արաբական տնտեսական ֆորումը, որ նախատեսուած է Իսթանպուլի մէջ։ «Տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան համար պէտք է միասին աշխատիլ, այլընտրանք չունինք», աւելցուց նախարարը։

Ֆիտան Գահիրէի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Ան տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորէլի հետ, որ եւս ներկայ էր հաւաքին։ Ի դէպ, Պորէլ Գահիրէի մէջ յայտարարեց, որ Կազզէի պատերազմի կողմերը չեն փափաքիր հակամարտութիւնը կասեցնել։

Գահիրէի մէջ Հաքան Ֆիտանի զրուցակիցներու շարքին էր նաեւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆերհան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2024