ՍՊԱՍՈՒԱԾ ՀԵՌՈՒՍՏԱԲԱՆԱՎԷՃԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան ընդառաջ՝ երէկ տեղի ունեցաւ երկրի հանրութեան կողմէ այնքան սպասուած հեռուստաբանավէճը։ Դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած երկրի այժմու փոխ-նախագահը՝ Քամալա Հարիս եւ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ ուղիղ եթերով իրենց պատգամները տուին ժողովուրդին՝ մինչ հարցախոյզներու արդիւնքները կը վկայեն, թէ անոնց վայելած ժողովրդավարութիւնը գրեթէ համահաւասար է։

Միջազգային հանրային կարծիքն ալ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւեցաւ այս հեռուստաբանավէճին, որու աւարտին երկու թեկնածուներն ալ ընդհանուր առմամբ դրական տպաւորութիւն յայտնեցին։ Նախընտրական նախորդ հեռուստաբանավէճը տեղի ունեցած էր Թրամփի եւ ԱՄՆ-ի այժմու նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ, որ այդ պահու դրութեամբ դեմոկրատներու թեկնածուն էր։ Ընդհանուր առմամբ այդ հեռուստաբանավէճի ձախողման հետեւանքով Պայտըն հրաժարած էր թեկնածութենէ եւ դեմոկրատները իրեն փոխարէն առաջադրած էին Հարիսը։

Ուրեմն, Հարիս-Թրամփ հեռուստաբանավէճը տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ եւ ուղիղ եթերով սփռուեցաւ «ABC News» հեռուստակայանէն։ Ըստ CNN-ի հարցախոյզին, հեռուստադիտողներու 63 տոկոսը ունի այն տպաւորութիւնը, թէ Քամալա Հարիսը եղած է բանավէճին յաղթողը։ Հեռուստաբանավէճէն վերջ, ըստ հարցախոյզներուն, Հարիսի ժողովրդականութեան մակարդակն ալ զգալիօրէն վերելք արձանագրած է։

ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւնը նախատեսուած է նոյեմբերի 5-ին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2024