ԷՐՏՈՂԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ԻՐԱՔԻ ՀԱՐՑԵՐԸ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ԱՆԶԻՋԵԼԻ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ «Էլ Ճեզիրէ» հեռուստակայանին։ Ան այս առթիւ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ նախագահական դրութեան հաստատուելուն կողմնակից է՝ հնարաւորութիւն ընձեռելու համար երկրի աւելի արագ բարգաւաճման։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, յիշեալ հարցազրոյցին մէջ Էրտողան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ նաեւ տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն։ Ան յիշեցուց, որ Թուրքիա Սուրիոյ հետ ունի 911, իսկ Իրաքի հետ՝ 350 քիլօմեթր երկարութեամբ սահմաններ։ Հետեւաբար, Թուրքիա չի կրնար անտարբեր մնալ Սուրիոյ իրադարձութիւններու պարագային։ «Ամբողջ հարցը այն է, որ Սուրիոյ մէջ ստեղծենք ահաբեկչութենէ զերծ գօտի մը, յայտարարենք այս մասին եւ սուրիացի մեր եղբայրները թող հաստատ-ւին այնտեղ, անոնց համար այնտեղ ընձեռենք զանազան հնարաւորութիւններ», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, թէ այդ շրջանը պէտք է ունենայ նաեւ իր ազգային բանակը։ Թրքական կողմը այս մօտեցումը բաժնած է միջազգային յառաջատար բոլոր դերակատարներուն հետ. օրինակ՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստան, Գերմանիա, Անգլիա եւայլն։ Ըստ Էրտողանի, ներկայիս այս ուղղութեամբ կը շարունակուին աշխատանքները եւ անվտանգութեան ուժերը կապի մէջ են իրարու հետ։ Էրտողան ընդգծեց նաեւ Քերքիւքի լուրջ դժուարութիւնները եւ աւելցուց, թէ թրքական կողմը պիտի չլքէ Մուսուլի իր ցեղակիցները։ Հանրապետութեան նախագահին խօսքերով, Թուրքիա կողմնակից է Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, բացարձակապէս չի փափաքիր այդ երկիրներուն մասնատուիլը եւ այս ուղղութեամբ պիտի պայքարի մինչեւ վերջ։ Սա, անզիջելի խնդիրներու շարքին է եւ Էրտողանի խօսքերով, միջազգային համախոհութեան ուժերն ալ այս հարցին մէջ պէտք չէ որեւէ խաղի ենթարկուին։