ՍԱՄԱՐՂԱՆՏԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Սամարղանտի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Հարկ է նշել, որ երկու ղեկավարները Սամարղանտի մէջ այսօր կը մասնակցին Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան 9-րդ գագաթաժողովին, որ կազմակերպուած է Էօզպեքիստանի մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2022