ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Հայաստանի Ազգային գրադարանի, «Ալեքսանտր Թամանեան» ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-կաճառի եւ Երեւանի Պատմութեան թանգարանի համատեղ նախաձեռնութեամբ վերջերս տեղի ունեցաւ բացառիկ ցուցահանդէս մը, որ արժանացաւ հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան։ «Երեւանը՝ քարտէսներու մէջ» խորագրեալ այս ձեռնարկով այցելուներուն մատուցուեցան մայրաքաղաքի զանազան յատակագիծերը, Երեւանի տարածման երեք ուղղութիւններով քարտէսները, Մազմանեանի կազմած Արեւածաղիկ-քաղաքի գծագրերը եւ շատ այլ ցուցանմոյշներ։ 17-րդ դարուն ֆրանսացի ճանապարհորդ Ժան Շարտէնի կողմէ կազմուած քարտէսն ալ այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանար իւրայատուկ նշանակութեամբ։ Պատմական աղբիւրներուն մէջ եւ վաղ միջնադարու քարտէսներուն վրայ Երեւան կը յիշատակուի զանազան անուններով եւ այդ բոլորը դարերու հոլովոյթին մէջ անուանափոխուելով ստացած են ներկայ արտասանութիւնը։ Ուրեմն, ցուցահանդէսի այցելուները հնարաւորութիւն ունեցած են նաեւ այս եղափոխութեան հետեւելու։
Հայաստանի Ազգային գրադարանի քարտէսագրական հարուստ հաւաքածոյէն տրամադրուած նիւթերն ալ տարբեր խորք մը վերագրած են այս կարեւոր մշակութային նախաձեռնութեան։