ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱ՞Ն ՄԱՍԻՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ մասնակցեցաւ Փարիզի Խաղաղութեան 6-րդ համաժողովին, որու բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն։ Փարիզի սակարանի փառաւոր շէնքին՝ Պրոնիարի պալատին մէջ կազմակերպուած համաժողովի բացման մասնակիցներու շարքին էին Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել, IMF-ի ղեկավար Քրիստալինա Կէորկիեւա, Համաշխարհային դրամատան նախագահ Աճար Պանկա եւ բազմաթիւ երկիրներու կամ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։ Ինչպէս համաժողովի բոլոր մասնակիցները, այնպէս ալ Փաշինեան դիմաւորուեցաւ Փարիզի խաղաղութեան համաժողովի ընդհանուր տնօրէն Անժէլ Կուրիայի կողմէ։
Բացման լիագումար նիստէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ՝ «Համագործակցութիւնը մրցակցութեան պայմաններու մէջ. խաղաղութեան կերտում եւ աւելի ապահով աշխարհի կառուցում» խորագրեալ ասուլիսին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Ատենախօսներու շարքին էր նաեւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի։ «Ես եկած եմ խօսելու խաղաղութեան մասին, թէեւ Ատրպէյճան Հայաստանը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» անուանել սկսած է», ըսաւ Փաշինեան։ Իր խօսքով՝ հայերու էթնիք զտման իր ծրագրի նուազագոյնը իրականացնելու զուգահեռ՝ Ատրպէյճան դպրոցներու, համալսարաններու եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մէջ կը քարոզէ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան» հայեցակարգը։ Փաշինեան ահազանգ հնչեցուց, որ սա Հայաստանի դէմ նոր պատերազմ մը նախապատրաստելու հայեցակարգն է։ Վարչապետը ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ այս բոլորը կը կատարուին՝ հակառակ որ կողմերը կարծես մօտ ըլլալ կը թուին խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման։ Այս հանգամանքով հանդերձ, վերոյիշեալ հարցերը լուրջ կասկածներ կը յառաջացնեն Ատրպէյճանի անկեղծութեան վերաբերեալ։
Փաշինեան մեկնաբանեց նաեւ Փարիզի Խաղաղութեան համաժողովի փաստաթուղթերու հիմնական արձանագրութիւններէն մէկը, ըստ որու աշխարհի վրայ 2 միլիառ մարդ կ՚ապրի հակամարտութիւններէ տուժած շրջաններու մէջ։ «Հայաստանի Հանրապետութեան տեսանկիւնէն աւելի ճշգրիտ կ՚ըլլայ այդ նախադասութիւնը ձեւակերպել հետեւեալ ձեւով. էթնիք զտումներու հետեւանքով 500 հազարէ աւելի հայեր այլեւս հնարաւորութիւն չունին ապրելու իրենց հայրենիքին մէջ։ 500 հազարը Ատրպէյճանէն բռնի տեղահանուած եւ էթնիք զտումներու հետեւանքով փախստական դարձած հայերու թիւն է։ Շուրջ 360 հազարը բռնի տեղահանուած է Ատրպէյճանէն 90-ականներու սկիզբէն՝ Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերու, նաեւ հայատեացութեան հետեւանքով։ Այդ ժամանակէն ի վեր հայատեացութիւնը Ատրպէյճանի մէջ պետական քաղաքականութիւն է։ Իսկ մինչ այդ, Խորհրդային Միութեան օրով, վարչական ու հոգեբանական ճնշումներու պատճառով հայերը ստիպուած էին լքել Նախիջեւանն ու Ատրպէյճանի շատ այլ տարածքները։ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին շուրջ 26 հազար հայ լքած է Լեռնային Ղարաբաղը։ Իսկ սեպտեմբերի 19-ին, Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած լայնածաւալ յարձակման եւ էթնիք զտումներու հետեւանքով մէկ շաբթուան ընթացքին շուրջ 105 հազար հայեր ստիպուած եղան լքել Լեռնային Ղարաբաղը», ըսաւ Փաշինեան։
Փարիզի համաժողովի ընթացքին վարչապետը նշեց, որ Հայաստան կը յուսայ յառաջիկայ ամիսներուն Պրիւքսելի մէջ համաձայնեցուած երեք սկզբունքներու վրայ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել Ատրպէյճանի հետ։
Համաժողովի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ին եւ շեշտեց, որ այս նախագծին իրականացումը շահաւէտ պիտի ըլլայ ո՛չ միայն տարածաշրջանին, այլեւ՝ միջազգային առեւտուրի, կապի եւ կայունութեան տեսակէտէ։
Փարիզ այցելութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան տեսակցեցաւ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի օգնական Ճէյմս Օ՚Պրայընի հետ։ Այս առթիւ ան ընդգծեց ԱՄՆ-ի դերը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին մէջ ու կարեւորեց անոր շարունակականութիւնը։ Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին եւ աւելցուց, որ տարածաշրջանային փոխադրական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը պէտք է տեղի ունենայ ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներուն հիման վրայ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ խորհրդական Լուիս Պոնօ, որ նախօրէին այցելած էր Երեւան, ուր ընդունուած էր Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի կողմէ։ Մինչ Փաշինեան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Փարիզի մէջ էին, Արմէն Գրիգորեանն ալ այցելեց Պրիւքսել։ Եւրոմիութեան բարձրաստիճան դիւանակալներու հետ տեսակցելու զուգահեռ Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց հետեւեալը. «Հայաստան պատրաստ է գալ Պրիւքսել, հասնիլ վերջնակէտի ու կնքել խաղաղութեան պայմանագիրը»։ Հարկ է նշել, որ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած իրենց ժողովներուն օրակարգի վրայ պիտի ունենան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը։
Մեծն եօթնեակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները վերջին օրերուն լուրջ անհանգստութիւն յայտնած էին՝ Լեռնային Ղարաբաղէն հայոց տեղահանման մարդասիրական հետեւանքներուն շուրջ։ Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեան անոնց արձագանգած էր, թէ միջազգային վճռական քայլերն ու ներգրաւուած կողմերու հրապարակային պարտաւորութիւնները առաջնահերթ են Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ։
Հարաւային Կովկասի յառաջատար դերակատարները վերջին օրերուն շփումներ ունեցան նաեւ Էօզպեքիստանի մէջ կազմակերպուած՝ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 16-րդ գագաթաժողովին։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի պարտաւորութիւնները պիտի դիւրացնեն խաղաղութեան գործընթացը։ Գագաթաժողովի օրերուն թէ՛ Էրտողան եւ թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպումներ ունեցան Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ՝ միշտ քննարկելով տարածաշրջանային հարցերը։ Ալիեւ այս փուլին գանգատ յայտնեց, որ պատերազմէն ի վեր Հայաստան կը խոչընդոտէ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի բուն տարածքին միջեւ կապի հաստատումը։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՆՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՏԵՂԻ ԿՐՆԱՅ ՈՒՆԵՆԱԼ
Երեւանէն վերջին օրերուն Պաքուի հետ նոր շփումներու մասին հաւանականութիւնը բաւական նուազ կը համարուէր՝ մասնաւորապէս, որ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան նախընթաց օր ըրած էր այսպիսի հաստատում մը։ Յամենայնդէպս, Արմէն Գրիգորեանի երէկուան շփումներուն զուգահեռ՝ Եւրոմիութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Պրիւքսել այժմ Երեւանի եւ Պաքուի հետ առանձին-առանձին բանակցութիւններ կը վարէ։ Ներկայիս թէեւ յստակ արդիւնքներ չկան, բայց հաւանական է, որ յաջորդ ամիս Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ վերստին մէկտեղուին Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը։ Պրիւքսելի աղբիւրները որոշ փակագիծեր բացած են նաեւ բանակցութիւններուն շուրջ՝ մանրամասնելով, որ անոնց օրակարգին վրայ է նաեւ Ատրպէյճան-Նախիջեւան երթուղիի հարցը։ Իլհամ Ալիեւ եւրոպական կողմի ներկայացուցիչներուն վստահեցուցած է, թէ Ատրպէյճան որեւէ նկրտում չունի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ։