ՉԱՓԱԶԱՆՑ ՄԵԾ ԹԻՒՈՎ ԶՈՀԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ չափազանց մեծ թիւով պաղեստինցիներ սպաննուած են Կազզէի մէջ։ Հնդկաստանի մայրաքաղաքը Նիւ Տելհիի մէջ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Էնթընի Պլինքըն դատապարտեց Իսրայէլի հարուածներուն հետեւանքով յառաջացած զոհերու մեծ թիւը։ Ան համոզուած է, թէ պաղեստինցիներու պաշտպանութեան համար պէտք է ընել աւելին։ Իր խօսքով, վերջին շաբաթներուն չափազանց մեծ թիւով մարդիկ տառապած են։ «Մենք կը փափաքինք հնարաւոր ամէն ինչ ընել, որպէսզի կանխենք վնասները եւ առաւելագոյնի հասցնենք անոնց համար մատակարարուած օգնութիւնը», յայտնեց Պլինքըն եւ շեշտեց, որ կարելի է ու հարկաւոր է ընել աւելին՝ նուազեցնելու համար Պաղեստինի քաղաքացիական անձերու վնասը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան ողջունելի նկատեց Իսրայէլի յայտարարութիւնը՝ ամէն օր մարդասիրական դադարներու եւ երկու մարդասիրական միջանցք բանալու մասին։
«Ուաշինկթըն կը շարունակէ կեդրոնանալ պատանդներու տուն վերադարձման եւ հակամարտութեան տարածման թոյլ չտալու վրայ», յայտարարեց Էնթընի Պլինքըն։
Անգարան ալ երկար ժամանակէ ի վեր յամառօրէն կը պահանջէ, որ Ուաշինկթըն ճնշում գործադրէ՝ Կազզէի արիւնահոսութիւնը կասեցնելու համար։