ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԽԱՒԻԷՐ ՄԻԼԷՅԻ ԵՐԴՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Պուէնոս Այրէս, ուր մասնակցեցաւ Արժանթինի նորընտիր նախագահ Խաւիէր Միլէյի երդման արարողութեան։ Բացի պաշտօնամուտի հանդիսութեան ներկայ գտնուելէ, Վահագն Խաչատուրեան առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Խաւիէր Միլէյի հետ։ Զրոյցի տեւողութեան Խաչատուրեան Միլէյը հրաւիրեց Հայաստան այցելելու։ Ան նշեց, որ սիրով կ՚ընդառաջէ հրաւէրին հնարաւորութեան պարագային, ինչ որ առաւել կրնայ նպաստել երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման։ Երկու ղեկավարները ընդգծեցին Հայաստան-Արժանթին արդիւնաւէտ համագործակցութեան խթանման կարեւորութիւնը։ Անոնք քննարկեցին երկկողմանի հետաքրքրութեան առարկայ ոլորտներէ ներս համագործակցութեան կարելիութիւններն ու ներդրումային ծրագրերու խթանումը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023