ՖԻՏԱՆ ԵՒ ՊԼԻՆՔԸՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Թուրքիա կ՚աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Հաքան Ֆիտան Ուաշինկթընի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ ունեցած վերջին զրոյցին ընթացքին քննարկեց Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացն ու խաղաղութեան բանակցութիւնները։ «Մենք ամերիկեան կողմին ըսինք, որ Թուրքիա կ՚աջակցի երկու երկիրներու միջեւ ենթադրուած խաղաղութեան համաձայնագրին եւ հնարաւորը կ՚ընէ, որպէսզի փաստաթուղթը ստորագրուի։ ԱՄՆ-ն ալ նոյն դիրքորոշումը ունի։ Մենք համոզուած ենք, թէ տարածաշրջանէն ներս կարգաւորումը կը բխի տարածաշրջանի իսկ շահերէն», ըսաւ Հաքան Ֆիտան։

Մինչ այդ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հարցազրոյց մը տուաւ «Euronews»ին եւ այս առթիւ անդրադարձաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Ան վստահեցուց, թէ լուրջ խոչընդոտ մը չի տեսներ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման համար։ «Ես լաւատեսօրէն տրամադրուած էի ժամկէտներու հարցին մէջ, որովհետեւ մենք քանի մը անգամ առաջարկներ փոխանակեցինք Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի սկզբնական տարբերակին վերաբերեալ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ հայկական կողմը գործընթացը ձգձգած է, սակայն, այժմ, երբ Ղարաբաղի խնդիրը փակուած է, Հայաստան աւելի պատրաստ կ՚ըլլայ համաձայնութեան գալու։ Ալիեւի խօսքով, խաղաղութեան պայմանագրի կնքման գործընթացը արհեստականօրէն ձգձգուած է եւ եթէ այդ պայմանագիրը չստորագրուի, ապա շատ վատ կ՚ըլլայ ամբողջ տարածաշրջանին համար։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023