ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՏԱՒՈՍ

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Զուիցերիա։ Այս ուղեւորութիւնը կը զուգադիպի Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի տարեկան հաւաքի բացման ճիշդ նախօրեակին։ Այսպէս, Արմէն Գրիգորեան այս շաբաթավերջին՝ յունուարի 14-ին, Տաւոսի մէջ կը մասնակցի «Ուքրայնայի խաղաղութեան բանաձեւ» խորագրեալ հանդիպման մը, որ չորրորդն է իր նմաններու շարքին։

Հարկ է նշել, որ Արեւմուտքի յառաջատար դերակատարները վերջերս կու տան կարգ մը ազդանշաններ, ըստ որոնց առկայ պատերազմական իրավիճակին մէջ Ռուսաստանի դէմ Ուքրայնային ցուցաբերուած զօրակցութիւնը նոյն ծաւալներով տեւականացնելը կրնայ դժուար դառնալ։ Իր կարգին, Ռուսաստանն ալ վերջին շրջանի խօսոյթով բաց դուռ մը կը թողու բանակցութիւններու համար։

Ուրբաթ, Յունուար 12, 2024