ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի արդարադատութեան փոխ-նախարար Արմենուհի Յարութիւնեան յայտարարեց, որ կը նախատեսուի երկրէն ներս դադրեցնել պատուաւոր կոչումներու շնորհումը։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին վերատեսութեան պիտի ենթարկուի Հայաստանի մէջ պատուաւոր կոչումներու շրջանակը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Արմենուհի Յարութիւնեան խորհրդարանի պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովի նիստին ընթացքին ներկայացուց «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու եւ պատուոյ կոչումներու մասին» օրէնքի փոփոխութիւններուն եւ այդ կապակցութեամբ ներկայացուած նախագծերուն ծրարը։
Ներկայ օրէնսդրութեամբ սահմանուած են 17 պատուոյ կոչումներ, որոնք, ըստ փոխ-նախարար Արմենուհի Յարութիւնեանին, ժամանակավրէպ դարձած են ու նոյնիսկ առողջ մրցակցութեան, բարոյահոգեբանական մթնոլորտի վրայ բացասաբար կ՚անդրադառնան։ «Յառաջադէմ երկիրներու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ պատուոյ կոչումներու կառոյց գոյութիւն չունի եւ որոշ մասնագէտներու խրախուսումը չափելի ու յստակ արդիւնքներու վրայ հիմնուած կ՚ըլլայ, ըստ էութեան, կը յենուի ոլորտային մրցանակաբաշխութիւններու արդիւնքներու վրայ», ըսաւ ան։
Հարկ է նշել, որ եթէ նախատեսուած օրէնքի փոփոխութիւնը կեանքի կոչուի, ապա նախապէս շնորհուած կոչումները պիտի շարունակեն գործել։ Կը ծրագրուի ի զօրու թողուլ միայն «Վաստակաւոր կազմ» կոչումը, որովհետեւ սա ո՛չ թէ անհատական, այլ խմբային բնոյթ ունի։