ԽՈՒՍԱՓՈՂՆԵՐԸ Կ՚ԱՒԵԼՆԱՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն Հայկ Սարգսեան յայտարարեց, որ 2019 թուականէն ի վեր աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներ սկսած են խուսափիլ պարտադիր զինուորական ծառայութենէ եւ բարձրացած է այդ պատճառով հետախուզուողներու թիւը։ Իշխանական «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխաններէն Հայկ Սարգսեանի խօսքով՝ հինգ տարիէ ի վեր Հայաստանի մէջ չէ գործած այն օրէնքը, որ հնարաւորութիւն կու տայ պարտադիր զինուորական ծառայութենէ խուսափած 27 տարեկանը լրացուցած քաղաքացիներուն պետական պիւտճէ որոշակի գումար վճարելու պարագային ազատուիլ քրէական պատասխանատուութենէ։

«Այս օրէնքը ըլլայ թէ ոչ, խուսափողներու թիւը չէ պակսած, ընդհակառակն, շարունակած է աճիլ։ Հետեւաբար, այս օրէնքը չի կրնար լրացուցիչ խթան մը հանդիսանալ», ըսաւ խորհրդարանականը։

Ուրբաթ, Յունուար 12, 2024