ՄԱՐԳԱՐԱՅԻ ԱՆՑԱԿԷՏԸ ՊԱՏՐԱՍՏ
Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի փոխ-նախագահ Կարէն Թամազեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ սահմանի Մարգարայի անցակէտը արդէն պատրաստ է շահագործման։ «Արմէնփրէս»ի սրահին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ ան տեղեկացուց, որ անցակէտի հիմնանորոգումը ամբողջութեամբ աւարտած է եւ ներկայիս ան պատրաստ է օգտագործման։ «Մաքսային թեքնիք միջոցներու, անցագրային հսկողութեան, նաեւ սահմանապահներու մասով բոլոր ենթակառուցուածքները պատրաստ են, որպէսզի ուղեւորային սպասարկումը պատշաճ ձեւով իրականացուի», ըսաւ Թամազեան։
Ինչպէս ծանօթ է, 1993 թուականէն ի վեր Թուրքիա-Հայաստան սահմանը փակ է։ Մարգարայի անցակէտը Հայաստանի կողմէն կը գտնուի Իգդիրի Ալիճան սահմանադրան դիմացը։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ՝ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի բանակցութիւններուն արդիւնքով որոշուած էր ցամաքային սահմանը բանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերուն համար։ Այդ համաձայնութիւնը տակաւին թէեւ կեանքի չէ կոչուած, սակայն երկու կողմերն ալ անցակէտերու ֆիզիքական պայմանները կատարելագործելու ուղղեալ աշխատանքներուն մասին ատեն-ատեն հրապարակումներ կ՚ընեն։ Հայկական կողմը այս նիւթին վերաբերեալ հետեւողականութիւնը կը ջանայ զգալի դարձնել՝ մանաւանդ Մարգարայի անցակէտի կատարելագործումով ու վերջին յայտարարութիւնները կու գան ապացուցանել, թէ այդ գործընթացը ի կատար ածուած է։
Հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ տարեմուտի մեծ երկրաշարժէն վերջ Հայաստանէն Թուրքիա ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնը փոխադրուած էր նոյն անցակէտին միջոցաւ։