ՄԻՇՏ ՄԵԾ ՌԻՍՔԵՐ
Ամերիկեան հեղինակաւոր «Stratfor»ի կանխատեսումներով՝ այս տարի հաւանական է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը յառաջընթացի հասնին խաղաղութեան համաձայնագրին շուրջ, բայց եւ այնպէս, նոր բախումներու կամ լայնածաւալ պատերազմի վտանգն ալ կը շարունակուի, որովհետեւ Պաքու կը փորձէ ճնշում բանեցնել Երեւանի վրայ։ Ըստ նոյն վերլուծութեան, բանակցութիւններու հիմնական խոչընդոտը կը հանդիսանան այն տարակարծութիւնները, որոնք կը վերաբերին տարանցիկ ուղիներուն՝ մանաւանդ անոնց կիրառման հարցերուն։
Ամերիկեան հետախուզավերլուծական այս կառոյցը այժմու իրավիճակը մեկնաբանած է նաեւ՝ փետրուարի 7-ին Ատրպէյճանի մէջ նախատեսուած արտահերթ ընտրութիւններուն լոյսին տակ։ Նախագահ Իլհամ Ալիեւ ակնկալուած ընտրական յաղթանակէն վերջ պիտի շարունակէ ամրապնդել ռազմական կուտակումները Հայաստանի հետ սահմաններու երկայնքով՝ հաւանական ներխուժման պատրաստուելու եւ հաշտութեան բանակցութիւններուն մէջ ճնշման յաւելեալ լծակներ ապահովելու համար։ Ըստ վերլուծաբաններուն, եթէ տարուան առաջին վեց ամիսներուն զգալի յառաջընթաց չարձանագրուի, ապա Հայաստանի հարաւէն զգալի մաս մը պոկելու ուղղեալ Ատրպէյճանի փորձին վտանգը կը մեծնայ յառաջիկայ ամրան՝ երբ լայնածաւալ ռազմական գործողութեան մը համար պայմանները դրական կ՚ըլլան։
«Հայաստան կ՚օգտագործէ Արեւմուտքի հետ խորացող քաղաքական կապերն ու այդ ճամբարի ռազմական աջակցութիւնը՝ Ատրպէյճանի կոշտ պահանջներուն դիմակայելու համար։ Բայց, հաշուի առնելով, որ ան շատ քիչ լծակներ ունի, Երեւան, հաւանաբար, ընդունի Պաքուի պահանջները», նշուած է վերլուծաբաններու կանխատեսման մէջ՝ Հայաստանի հարաւով տարանցման եւ ընդհանուր սահմանագծման վերաբերեալ։
«Stratfor»ը կը դիտարկէ, որ տարածաշրջանէն ներս հաւանական են աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները։ Հարաւային Կովկասէ ներս Ռուսաստանի ազդեցութիւնը ի սպառ պիտի չվերջանայ՝ որքան որ ալ Երեւան հետզհետէ աւելի ու աւելի յաճախ ազդանշաններ կու տայ Մոսկուայէն հեռանալու մտադրութեան մասին։ «Հայաստան կը շարունակէ մնալ ՀԱՊԿ-ի կազմին մէջ, տնտեսութիւնն ալ սերտօրէն կապուած է Ռուսաստանի տնտեսութեան հետ», կ՚ընդգծեն վերլուծաբանները՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով նաեւ Ատրպէյճան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն եւ առեւտրական կապերուն արձանագրած աճին վրայ։ Ըստ ենթադրութիւններուն, անոնք կը հասնին նոր բարձունքներու։ Ամերիկացի վերլուծաբանները համոզուած են, թէ Ատրպէյճան պիտի նպաստէ Հիւսիս-հարաւ ենթակառուցուածքի զարգացման, որ Ռուսաստանը Իրանի հետ պիտի կապէ։
Չբացառելով Հայաստանի դէմ նոր յարձակման մը հաւանականութիւնը՝ ամերիկեան հետախուզավերլուծական կառոյցը կը մատնանշէ նաեւ հետեւեալը. «Եթէ Ատրպէյճան ներխուժէ Հայաստան՝ Նախիջեւանի հետ ցամաքային կապ հաստատելու համար, ապա ան եւ Թուրքիան կը յայտնուին Արեւմուտքի ճնշման տակ։ Չի բացառուիր, որ անոնք փոխեն իրենց արտաքին քաղաքական կողմնորոշումը ու շեղուին Արեւմուտքէն՝ աւելի սերտ կապեր հաստատելով Ռուսաստանի, Չինաստանի եւ Իրանի հետ»։