ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀՐԱԺԵՇՏ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն մահկանացուն կնքեց ժողովրդական պարերու յայտնի մասնագէտ, նշանաւոր պարուսոյց Գագիկ Գինոսեան, որու կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուց՝ մանաւանդ մշակութասէր շրջանակներէն ներս։ Գագիկ Գինոսեանի հրաժեշտին համար սգահանդէս մը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան մէջ։ Բոլորը իրենց վերջին յարգանքը արտայայտեցին երախտաշատ արուեստագէտին նկատմամբ, որու յիշատակին առջեւ խոնարհեցան խոր յուզումով։

Մինչ այդ, Սենեկային երաժշտութեան տան շրջափակին մէջ Գագիկ Գինոսեանի հրաժեշտին առթիւ իր սաները պար բռնեցին եւ այդպէսով արտայայտեցին անոր նկատմամբ իրենց վառ զգացումները։

Թաղումը տեղի ունեցաւ Եռաբլուրի զինուորական պանթէոնին մէջ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024