ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, որ երկրի անվտանգութեան, յարատեւութեան եւ յարաբերութիւններու հիմքին պէտք է ըլլայ որդեգրուած քաղաքականութիւններու օրինականացումը թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին առումով։

Շաբաթավերջին Նիկոլ Փաշինեան երկու առիթներով հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով։ Այդ առիթներէն մին էր՝ իր գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթ մը, իսկ միւսը «The Telegraph»ին տուած հարցազրոյցը։

Պարզաբանելով այժմ որդեգրուած քաղաքականութեան օրինականութեան էութիւնը՝ վարչապետը անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին վերաբերեալ պատկերացումներու յստակեցման կարեւորութեան։ «Ես կը կարծեմ, թէ մենք շատ յստակ եւ աներկբայ պէտք է յայտարարենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մասին մեր պատկերացումը ճշգրիտ կը համընկնի Խորհրդային Հայաստանի տարածքի մասին մեր պատկերացման եւ մենք մեր քաղաքականութիւնները կը վարենք այս իսկ հենքին վրայ։ Սա արձանագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին վերաբերեալ 1991 թուականէն ի վեր ձեւաւորուած փաստաթուղթերուն մէջ։ Այս օրինականութեան հենքով քաղաքականութիւնը, որ հիմնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքի եւ սահմաններու վրայ, շատ կարեւոր միջոց մըն է արտաքին անվտանգութեան տեսանկիւնէն, ինչպէս նաեւ պաշտօնական դրոյթներու մեծացման՝ ներառեալ միջազգային իրաւական ընթացակարգերով եւ իրաւունքով պաշտպանուածութեան տեսակէտէ։ Մենք պէտք է մեր քաղաքականութիւնը այս իսկ հենքին վրայ դնենք, որպէսզի ապահովենք Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութիւնը միջազգային, իրաւական, տարածաշրջանային եւ ընկերա-հոգեբանական առումներով», ըսաւ վարչապետը։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեանի դիտարկմամբ՝ իշխանութիւնը բաւարար ուշադրութեամբ չէ լսած ժողովուրդի պատգամը, որով ան խաղաղութիւն կը պատուիրէր քաղաքական գործիչներուն։ «Մենք մեղաւոր ենք միայն բանի մը մէջ, որ առաջին անգամ հրապարակայնօրէն պիտի ըսեմ։ Եթէ մենք յանցանք գործած ենք, մեր յանցանքը եղած է հետեւեալը, որ մենք ժողովուրդի ձայնը բաւարար ուշադրութեամբ չենք լսած, որովհետեւ վերջին քսան տարուան մէջ, ընդդիմութեան կարգավիճակի մէջ կամ իշխանութեան, նոյնիսկ քաղաքական գործունէութեամբ չզբաղողի կարգավիճակի մէջ, ով որ տեսած ենք, որ տունը, օճախը մտած ենք, կտոր մը հաց բաժնած ենք, ապա այդ սեղանի շուրջ պարտադիր հնչած է խաղաղութեան կենացը։ Ըստ այդմ, պէտք է յստակ ըլլար, որ սա ժողովուրդին պատգամն էր, իշխանութեան, կառավարութեան գործատուն է եւ պատուիրատուն է, թէ ինչ պէտք է ընէ կառավարութիւնը», ըսաւ ան։

Վարչապետի գնահատմամբ՝ ինչպէս անցեալի մէջ, ներկայիս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ իրողութիւնը կը նմանի ականապատ դաշտի, որմէ դուրս գալու համար ելքերը այնքան ալ շատ չեն եւ կրնայ նոյնիսկ պարզուիլ, որ միայն մէկ ճանապարհ գոյութիւն ունի։ Ցարդ կառավարութիւնը այդ մասին չէ խօսած նաեւ այն պատճառով, որ նախ վստահելի չէ համարած խաղաղութեան հասնելու այդ ճանապարհը եւ ընկերա-հոգեբանական առումով չէ համակերպած այդ իրողութեան հետ։ Շատ կը պատահին դէպքեր, երբ ամենատարբեր տարածքներու վերաբերեալ, տարբեր պատմութիւններ, նախապատմութիւններ կան, բայց կեանքը, հանգամանքները ի վերջոյ կը բերեն կէտի մը, ուր պէտք է հիմքի մը վրայ ընտրութիւն կատարել, որոշում առնել եւ կառուցել երեխաներու ապագան։ Հիմա առաւել եւս շատ լաւ գիտեմ մեր ժողովուրդի ցանկութիւնները, երազանքները եւ մղումները եւ ես ինձ պարտաւորուած կը զգամ այս բարդ իրավիճակին մէջ, ժողովուրդը առաջնորդել՝ այդ ականապատ դաշտէն անվնաս կամ նուազագոյն կորուստներով դուրս գալու։ Ինչպէս անցեալի մէջ ըսած եմ՝ պարտաւորուած եմ այս փոթորկայոյզ ովկիանոս ինկած մեր նաւը, մեր նաւակը հասցնել խաղաղ նաւահանգիստի», ընդգծեց վարչապետը։

«The Telegraph» անգլիական լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցին մէջ ալ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ անվտանգային ոլորտէն ներս Հայաստանի յարաբերութիւններու տեսակաւորումը չի նշանակեր Ռուսաստանի հետ կապերու խզում։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024