ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԱԼՔԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ

Իսթանպուլի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Պալքաններու մարմնամարզի առաջնորութիւնը, որուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքականը։ Այս մրցաշարքի ընթացքին հայկական ընտրանին նուաճեց մէկ ոսկի եւ մէկ արծաթ մետայլ։ Փետրուարի 10-ին տեղի ունեցած բացման արարողութենէն վերջ մրցաշարքը ընթացաւ Աթագիւղի ողիմպիական աւանէն ներս։

Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմեցին՝ Երուանդ Մկրտչեան, Գոռ Յովակիմեան, Գոռ Բեգլարեան, Լեւոն Աղասեան, Ռոման Ալեքսանեան։ Հաւաքականին մէջ կային նաեւ իգական սեռէ մարզիկներ՝ Գայիանէ Չիլոյեան, Էլլատա Ալաւերտեան, Եանա Սարգսեան։ Մարզիչներն էին Գրիգոր Բարսեղեան եւ Արսէն Պետրոսեան։

Հայկական հաւաքականին մէջ ոսկէ մետայլը նուաճեց Երուանդ Մկրտչեան, իսկ արծաթ մետայլը՝ Լեւոն Աղասեան։

Հայկական ընտրանիի կեցութեան օրերուն Շիշլի մարմնամարզական վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք համակրանքի ու զօրակցական այցելութիւն մը տուաւ եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։ Մինչ այդ, հաւաքականը յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ հոգելոյս Նազար Հանչէրի գերեզմանը՝ քանի ան միշտ աջակցութիւն կը բերէր Հայաստանէն քաղաքս եկած մարզական պատուիրակութիւններուն։

Հարկ է նշել, որ Երուանդ Մկրտչեան ոսկէ մետայլի արժանացած է 1500 մեթր վազքի մէջ, Լեւոն Աղասեան արծաթ մետայլը նուաճած է եռացատկի մէջ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024