ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽԹԱՆՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ կը գտնուի Քուէյ­թի մէջ, ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կը հիւ­րըն­կա­լուի այդ երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Այս շրջագ­ծով Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Քուէյ­թի է­միր Սա­պահ Էլ Ահ­մէտ Էլ Ճա­պէր Էլ Սա­պա­հի հետ։ «Պա­յան» պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար եւ Քուէյ­թի է­մի­րին փո­խան­ցեց Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ջերմ ող­ջոյն­նե­րը, նաեւ Ե­րե­ւան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կա­տա­րե­լու հրա­ւէ­րը։ Քուէյ­թի է­մի­րը յոյս յայտ­նեց, որ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի այ­ցե­լու­թիւ­նը կը նպաս­տէ երկ­կող­մա­նի բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ խո­րաց­ման։ Ըստ ի­րեն, իր եր­կի­րը պատ­րաս­տա­կամ է քննար­կե­լու այն բո­լոր հար­ցե­րը, ո­րոնք պի­տի ծա­ռա­յեն կող­մե­րու շա­հե­րուն, ու պի­տի նպաս­տեն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման եւ ընդ­լայն­ման զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս։ Է­մի­րի հա­մոզ­մամբ, ո­րե­ւէ խո­չըն­դոտ չկայ քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ մար­դա­սի­րա­կան ո­լորտ­նե­րէ ներս գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան քննար­կուե­ցան եր­կու եր­կիր­նե­րու կա­պե­րու ընդ­լայն­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ 

Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան եւ Քուէյ­թի է­մի­րը անդ­րա­դար­ձան նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կուս­տեք ընդգ­ծուե­ցաւ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս կա­յու­նու­թեան ա­պա­հով­ման անհրա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2015