CARREFOUR-ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Երէկ, «Carrefour» ֆրանսական հսկայ հանրախանութներու աշխարհացրիւ ցանցին Հայաստանի մասնաճիւղը պաշտօնապէս բացուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան։ «Երեւան Մոլ» առեւտուրի կեդրոնի համալիրէն ներս հաստատուած է «Carrefour» հիփէրմարքէթը։
«Carrefour»ի Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Քրիստիան Տը Նալ եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան այս առթիւ միասնաբար հատեցին խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ բացման հանդիսութեան հրաւիրուած հիւրերը շրջայց մը կատարեցին Երեւանի «Carrefour»ի տարածքէն ներս՝ տեղեկութիւններ քաղելով ներկայացուած ապրանքատեսակներուն, գնային քաղաքականութեան եւ ծառայութիւններու որակին շուրջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Carrefour» նպատակ ունի ընդլայնելու իր գործունէութիւնը Երեւանի մէջ։ Ֆրանսացի գործարարները այս փուլին խնդրայարոյց չեն նկատեր իրենց մուտքը հայկական շուկայ։ Անոնք համոզուած են, թէ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ վերջնականօրէն հաստատուելու համար անհրաժեշտ է երկու-երեք տարի։ Ըստ իրենց, «Carrefour» մտադիր է հայկական արտադրանքը ներկայացնել նաեւ իր աշխարհատարած ցանցի այլ հանրախանութներուն մէջ։