ԱՆՀԱՄԱՏԵՂԵԼԻ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ

Հարաւային Կովկասի առկայ բարդ իրավիճակին մէջ Հայաստան գոյութենական պայքար կը մղէ՝ իրերամերժ հոսանքներու եւ անհամատեղելի մօտեցումներու մթնոլորտին մէջ։ Լոնտոնէն նախընթաց օր Մոսկուայի դէմ Երեւանի ի նպաստ հնչած զօրակցութեան յայտարարութիւններուն արձագանգը երէկ չուշացաւ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Արեւմուտքը ներկայիս հետամուտ է՝ Հայաստանը գործիք դարձնել Ռուսաստանի դէմ քաղաքականութեան։ Զուգահեռաբար, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմաղամպետով յայտնեց, որ Հայաստանէն պաշտօնական որեւէ յայտարարութիւն իրենց չէ հասած՝ կազմակերպութեան անդամակցութեան կասեցման վերաբերեալ։ ԹԱՍՍ գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ Հայաստան վերջին շրջանին, իսկապէս, չի մասնակցիր ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան աշխատանքներուն։ «Սա Հայաստանի որոշումն է այս փուլին եւ մենք որպէս միջազգային կազմակերպութիւն՝ կը յարգենք ինքնիշխան պետութեան որեւէ որոշումը։ Այնուամենայնիւ, կազմակերպութեան գործունէութիւնը կը շարունակուի ամբողջ ծաւալով, բոլոր ընթացակարգերը ամբողջութեամբ կը պահպանուին ԵԱՀԿ-ի կանոնակարգային հիմքերուն համապատասխան։ Ընդունուելիք կամ ընդունուած որոշումներուն մասին քարտուղարութիւնը աշխատանքային դրութեամբ տեղեակ կը պահէ Երեւանի համապատասխան կառոյցները», ըսաւ ան։

Ըստ ընդհանուր քարտուղարին՝ ՀԱՊԿ կը վերլուծէ իրավիճակը Հայաստանի շուրջ եւ իր հետ յարաբերութիւններուն մէջ։ «Յոյսը կը դնենք Հայաստանի ղեկավարութեան քաղաքական սթափութեան եւ ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ հաւասարակշռուած գնահատականի վրայ», ըսաւ ան։

Երէկ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ Պաքուի մէջ հիւրընկալեց Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւը։ Երկու ղեկավարներու մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ալիեւ յոյս յայտնեց, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան ներկայ բանակցութիւնները կ՚աւարտին՝ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումով։

Միջազգային լրահոսին մէջ այժմ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ, որ Ռուսաստան, Իրան եւ Չինաստան կը պատրաստուին համատեղ ռազմափորձերու։ Այս զօրավարժութիւններուն նախատեսուած է նաեւ Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի մասնակցութիւնը։

Միւս կողմէ, Նիւ Տելհիի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հնդկաստան ռազմավարական կարեւորութեամբ արտահանումներու համար դէպի Հայաստան օդային միջանցք մը կը ստեղծէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 12, 2024