ԵՐԿՆԱՅԻՆԻ ԵՒ ԵՐԿՐԱՅԻՆԻ ՄԻՋԵՒ
Վենետիկի արուեստի 60-րդ պիէնալը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 20 ապրիլ-24 նոյեմբեր թուականներուն։ Այս տարուան նախաձեռնութիւնը յոբելենական է։ Վենետիկի պիէնալը հեղինակութեամբ, ծաւալներով կարեւոր ու նշանակալի տեղ ունի մշակոյթի, ժամանակակից արուեստի բնագաւառէն ներս։ Այս տարի Հայաստան դարձեալ պիտի մասնակցի պիէնալին՝ պետական մակարդակով։
Երէկ, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ մասնաւոր մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին մանրամասնութիւններ հրապարակուեցան Վենետիկի մօտալուտ պիէնալին երկրի մասնակցութեան շուրջ։ Նախարարութիւնը այս տարուան մասնակցութեան գծով սերտօրէն կը համագործակցի Երեւանի «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնին հետ։
Վենետիկի մէջ, հայկական տաղաւարէն ներս պիտի ներկայացուի ֆրանսահայ արուեստագիտուհի Նինա Խեմչեանի «Արձագանգ» բազմաշերտ մուլթիմետիա նախագիծը։ Հարկ է նշել, որ այս ձեռնարկը երկու տարի առաջ Երեւանի «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնէն ներս իրականացուած էր եւ անցեալ տարի ալ Վենետիկի պիէնալի շրջանակներէն ներս ներկայացնելու գաղափարը ծնած էր։
Հայաստանի ազգային տաղաւարէն ներս կարեւոր տեղ պիտի զբաղեցնէ նաեւ՝ նոյնպէս Նինա Խեմչեանի «Եօթ մահացու մեղքեր» աշխատանքը։
Երկու աշխատանքները՝ «Արձագանգ»ն ու «Եօթ մահացու մեղքեր»ը զիրար կը լրացնեն ու կը հարստացնեն՝ միահիւսելով մարդկային մեղսաւորութեան ու ապաշխարանքի նիւթերը, որոնք կարեւոր եւ կենսական են յատկապէս այսօր։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, թէ՛ նախարարութեան եւ թէ «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները երէկ լրագրողներու նկատառման յանձնեցին բազում մանրամասնութիւններ Հայաստանի մասնակցութեան շուրջ։ Անոնք համոզուած են, թէ Նինա Խեմչեանի նախագիծը հիանալի քոնսեփթ մը ունի եւ կրնայ տարբեր ձեւով մեկնաբանուիլ, նաեւ փայլուն ձեւով կը ներկայացնէ հայկական արուեստը։