ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի վրայ ուշագրաւ հանդիպում մը։ Այսպէս, Ազգային պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս մէկտեղուեցան երեք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնք ընդհանուր իրադրութեան վերլուծում մը կատարեցին։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէրի տանտիրութեամբ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն արժեւորեցին երկրի անվտանգային օրակարգի առաջնահերթ հարցերը։ Այս ժամադրութիւնը յաջորդեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Թուրքիա յառաջիկայ ամրան Իրաքի հիւսիսին նոր ռազմական գործողութիւններու պիտի ձեռնարկէ։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Անգարայի երէկուան այս նուրբ ժողովը տեւեց շուրջ երկու ժամ։ Օրակարգի գլխաւոր նիւթն էր ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։ Հանդիպման ընթացքին Հաքան Ֆիտանի եւ Իպրահիմ Քալընի կողմէ վերջերս Ուաշինկթընի մէջ կատարուած շփումներն ալ ամփոփուեցան։
Ժողովականները Իրաքի եւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն վրայ առանձնապէս կանգ առին։ Իրաքի հիւսիսին Թուրքիոյ կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններու վերջին վիճակը խոշորացոյցի տակ բերելու զուգահեռ՝ Եաշար Կիւլէր եւ Իպրահիմ Քալըն յիշեցուցին վերջերս Էրպիլի եւ Պաղտատի մէջ իրենց ունեցած շփումներուն արդիւնքները։ Անոնք ՓՔՔ ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքարի վերաբերեալ խնդիրներ քննարկած էին իրենց երկխօսներուն հետ։
Բաց աստի, Հաքան Ֆիտան եւ Իպրահիմ Քալըն սեղանի վրայ դրին Ուաշինկթընի մէջ իրենց ունեցած վերջին շփումներուն արդիւնքները։ Երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկան մանրամասնութիւններ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ ծրագրուած դրութեան հաստատման վերաբերեալ։