Երեքշաբթի 25, Փետրուար 2025
ՄԱՄԷՏԵԱՐՈՎԻ ՊԵՐԼԻՆ ԱՅՑԸ
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով երէկ շփումներ ունեցաւ Պերլինի մէջ։ Այս առթիւ ան հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի կողմէ։ Օրուան տեւողութեան Մամէտեարով տեսակցեցաւ նաեւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի, դիւանագիտութեան եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով խորհրդական Քրիստոֆ Հոյսքէնի հետ։ Այսօր ալ ան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Գերմանիոյ Արտաքին քաղաքականութեան ընկերակցութեան մօտ, ուր անդրադարձաւ Պաքուի արտաքին քաղաքականութեան։
«ԱՓԱ» գործակալութեան հաղորդումներով, յառաջիկային կը նախատեսուի նաեւ Շթայնմայէրի այցելութիւնը դէպի Պաքու։
Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016