Երեքշաբթի 25, Փետրուար 2025
ՅՈՒՆԻՍԻ 30-Ը ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ
Եւրոմիութեան գծով նախարար Վոլքան Պոզքըր երէկ Սթրազպուրկի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի հետ։ Եւրոխորհրդարանը ներկայիս չի զիջիր այն 72 չափանիշներէն, որոնք անհրաժեշտ են, որպէսզի թրքահպատակները առանց վիզայի մուտք գործեն Շենկէնի գօտի։ Անգարա այս հանգրուանին բացարձակապէս անկարելի կը համարէ իր օրէնսդրութեան մէջ ահաբեկչութեան սահմանումին վերաբանաձեւումը։
Ուստի, ներկայիս վտանգուած է Յունիսի 30-էն սկսեալ թրքահպատակներուն առանց վիզայի Շենկէնի գօտի մտնելու հեռանկարը։
Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016