ՄԱՐՍԷՅԼԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Ե­րեք օր շա­րու­նակ Մար­սէյ­լի մէջ պի­տի ցու­ցադ­րուին հայ դա­սա­կան եւ ար­դի նկա­րիչ­նե­րու քա­նի մը տաս­նեակ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ֆրան­սա­ցի այ­ցե­լուին պի­տի պատ­մեն Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մա­սին:

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­մա­ձայն, «Ծի­րա­նի ծա­ղիկ» խո­րագ­րեալ այս ցու­ցա­հան­դէ­սին բա­ցու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Յու­նի­սի 19-ին: Պի­տի ցու­ցադ­րուին Լե­ւոն Թու­թուն­ջեա­նի, Ե­րուանդ Քո­չա­րի, Մա­րի­տի­րոս Սա­րեա­նի, Ար­շիլ Կոր­քիի, Վարդ­գէս Սու­րէ­նեան­ցի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը:

Ցու­ցա­հան­դէ­սին նա­խա­ձեռ­նողն է «Բարձր ա­րուեստ» կեդ­րո­նը, որ ան­ցեալ տա­րի «Արթ Մո­նա­քօ 2014» ցու­ցա­հան­դէ­սի ժա­մա­նակ ար­ժա­նա­ցած է ա­մե­նա­բարձր մրցա­նա­կին: Ցու­ցա­հան­դէ­սին կա­յաց­ման ա­ջակ­ցած են նաեւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւնն ու «Marseille Provence 2015 Armenia» միու­թիւ­նը: Ե­ռօ­րեայ ցու­ցա­հան­դէ­սը պի­տի տե­ւէ մին­չեւ Յու­նի­սի 21-ը:

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015