ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի մէջ աւարտեցան Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան բանակցութիւնները։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի՝ Եւրոպայի ու Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Ճէյմս Օ՚Պրայըն, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ բանակցութիւնները գլխաւորեց, ըսաւ. «ԱՄՆ կ՚աջակցի տարածաշրջանէն ներս տեւական խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ կ՚աշխատի տնտեսական հնարաւորութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ»։

Իր խօսքով՝ Ուաշինկթըն կը գիտակցի, թէ Երեւանի տեսակէտէ անվտանգութիւնը, բարեկեցութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը կողք-կողքի գոյութիւն ունին։ «Այդ ուղղութիւններով բոլոր ջանքերուն կ՚աջակցինք։ Մենք կ՚աջակցինք նաեւ տեւական խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն։ Մենք կ՚աշխատինք տնտեսական հնարաւորութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ՝ Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Միջերկրական։ Եթէ տեւական խաղաղութիւն ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, ապա այդ հնարաւորութիւնները աւելի լաւ կ՚ըլլան», շարունակեց ան։

Ճէյմս Օ՚Պրայըն ընդգծեց նաեւ, որ կողմերը պիտի շարունակեն աշխատիլ պաշտպանութեան, անվտանգութեան հարցերու շուրջ։ «Նախորդ տարի տեղի ունեցաւ մեր առաջին զօրավարժութիւնը ու մենք կը սպասենք աւելիին», ընդգծեց ամերիկացի փոխ-նախարարը։

Բաց աստի, Ճէյմս Օ՚Պրայըն երէկ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ քննարկումները։

ՖԻՏԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան։ Հաքան Ֆիտան Մոսկուայի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին Փութին շեշտեց, որ բարձր գնահատանքով կ՚ընկալէ Թուրքիոյ տարածաշրջանային դերակատարութիւնը։

Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2024