Տեղի Ունեցաւ «Արի Տուն» Ծրագիրի 4-րդ Փուլի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը
Երէկ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագրի 4-րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
4-րդ փուլին կը մասնակցի 124 պատանի ու աղջիկ՝ Ռուսաստանէն, Ուքրայնայէն, Վրաստանէն, Պելժիայէն, Սպիտակ Ռուսիայէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Պուլկարիայէն, Հոլանտայէն, Կիպրոսէն, Սուրիայէն, Ղազախիստանէն, Լիբանանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Սիրելի՛ պատանիներ ու աղջիկներ, բարով եկաք Հայրենիք, համայն հայութեան մայրաքաղաք Երեւան եւ Ձեր նախարարութիւն: Համոզուած եմ, որ տասնչորս օրերու ընթացքին դուք կը տեսնէք եւ կը ծանօթանաք Հայաստանի տեսարժան վայրերուն, իսկ ձեզի համար կազմակերպուող հայրենագիտութեան դասընթացքներուն գործօն մասնակցելով՝ կը ծանօթանաք հայոց պատմութեան, հայ մշակութին եւ հոգեւոր արժէքներուն, կը սկսիք առաւել վարժ խօսիլ եւ գրել մայրենի լեզուով»:
Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ մասնակիցները պիտի այցելեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, Ծիծեռնակա-բերդ, թանգարան եւ Եռաբլուր՝ յարգանքի, խոնարհումի այն գլխաւոր վայրերը, ուր մտնելուն ամէն հայ կ՚ապրի հպարտութեան եւ ակնածանքի զգացողութիւն:
«Դուք պիտի այցելէք նաեւ հայոց բանակի զօրամասերէն մէկը, պիտի ծանօթանաք մեր սահմանները անառիկ պահող հայ զինուորներու հետ, ընդգծեց նախարարը՝ աւելցնելով, մենք յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեր ծնողներուն, որ վստահեցան «Արի տուն» ծրագրին եւ ձեզ ուղարկեցին հայրենիք: Շնորհակալ ենք նաեւ հիւրընկալ ընտանիքներուն, որ այնքան սիրով ու հոգատարութեամբ ձեզ կ՚ընդունին իրենց օճախներուն մէջ»:
Այնուհետեւ նախարարը «Արի տուն» ծրագրի տարբերանշանով շապիկ հագցուց 4-րդ փուլի ամենակրտսեր մասնակիցին՝ ԱՄՆ-էն ժամանած 13-ամեայ Դաւիթ Աբրահամեանին:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Կիպրոսէն ժամանած «Նարեկ» վարժարանի սաներուն. «Նախարարութիւնը ամէն տարի կը հիւրընկալէ նարեկցիները, որոնք կարծես ուխտագնացութեան կու գան Հայաստան»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարարին՝ ջերմ ընդունելութեան, հոգատար վերաբերմունքին համար՝ Կիպրոսի խումբի ղեկավար Վիոլէթ Թաշճեան նշեց. «Նարեկ» վարժարանի սաները ամբողջ տարի մը անհամբերութեամբ եւ կարօտով կը սպասեն Հայրենիք այցին: Մենք գիտենք, որ Հայաստանէն հեռու մեր Հայրենիքը մայրենին է, եւ մեր վարժարանէն ներս ամէն ինչ կ՚ընենք երախաներուն հայերէնը լաւ սորվեցնելու ուղղութեամբ»:
Այնուհետեւ արիտունցիներուն՝ յոտնկայս եւ բարձր ծափողջոյններու ներքոյ հնչեց «Հայկական բանակ» երգը: Մասնակիցները իրենք ալ սիրով ասմունքեցին եւ կատարեցին հայ ազգագրական եւ ժողովրդական երգեր: