ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐ ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՊԱՅՏԸՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՆԱԹՕ-Ի ՎԻԼՆԻՈՒՍԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ ՇՐՋԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ ՆԱԹՕ-ի Վիլնիուսի գագաթաժողովէն ներս տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որ տեւեց շուրջ 1 ժամ 15 վայրկեան։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկու ղեկավարները շօշափած են քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ անվտանգութեան բնագաւառներէն ներս համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։ Պայտըն Էրտողանին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հարցին շուրջ յառաջ տարուած դիւանագիտութեան համար։ «Անհամբեր եմ, որպէսզի յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին ալ տեսակցիմ ձեզի հետ», ըսաւ Պայտըն։ Իր կարգին, Էրտողանն ալ Պայտընին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ իր վերընտրութեան յաջորդած շնորհաւորական հեռախօսազանգին համար։ Էրտողան դիտել տուաւ, որ ցարդ Պայտընի հետ իրենց ունեցած շփումները՝ զիրար ճանչնալու եւ իրարու վարժուելու բնոյթը կը կրէին։ Նախագահը համոզուած է, թէ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ հաստատուած ռազմավարական դրութեան ծիրէն ներս այլեւս հերթը հասած է նախագահներու մակարդակին վրայ խորհրդակցութիւններու։ «Ներկայ հանդիպումը կը համարեմ այս առումով առաջին քայլ մը։ Հիմա սկիզբ կու տանք նոր գործընթացի մը։ Իմ տեսանկիւնէն սա հինգ տարուան գործընթաց մըն է», ըսաւ Էրտողան եւ յաջողութիւն մաղթեց Պայտընին՝ յիշեցնելով ԱՄՆ-ի յառաջիկայ ընտրութիւնները։
Բացի Ճօ Պայտընէն, Էրտողան Վիլնիուսի մէջ երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Անգլիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաքի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի եւ Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնիի հետ։