ՎԱՍՏԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Հայկական գիտական աշխարհը կը սգայ մեծ կորուստ մը. ոչ եւս է սփիւռքահայ հեղինակաւոր պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, որ արդարօրէն կը դասուի վաստակի ախոյեաններու շարքին։ Լոս Անճելըսի մէջ, ան նախընթաց օր կնքած է իր մահկանացուն 90 տարեկան հասակին։ Հայոց պատմութեան զանազան ծալքերը բացայայտած մեծանուն գիտնականին մահը կարեւոր կորուստ մը կը նկատուի նաեւ համաշխարհային պատմութեան տեսակէտէ։ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան կը թողու հսկայական, անկրկնելի ժառանգութիւն մը պատմագրութեան բնագաւառէն ներս։ Միեւնոյն ժամանակ, ան հայրն է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին արտաքին գործոց նախարար Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի, որ ներկայիս «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդն է։

10 յուլիսին Լոս Անճելըսի մէջ կեանքէն հեռացած փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան Հայաստանի Ազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոսներէն էր։ Գալիֆորնիայի Պետական համալսարանի Հայոց արդի պատմութեան ամպիոնի հիմնադիրն ու առաջին վարիչը եղած էր։ Իր աշխատասիրութեան ու պրպտումներուն հիման վրայ լոյս տեսած էր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» կոթողային քառահատորը։ Այս հետազօտութիւնը կը համարուի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան մասին կատարուածներու շարքին ամենածաւալունը։ Բաց աստի, երկար տասնամեակներ Ռիչըրտ Յովհաննիսեան աշխատանք տարած էր Հայոց ցեղասպանութեան եւ Անատոլուի պատմական հայաբնակ գաւառներու վերաբերեալ նիւթերու զանազան երեսակներուն վրայ։ Այդ հարցերու բոլոր ծալքերը փորձած էր խորաթափանց ուսումնասիրել եւ իր յանգած եզրակացութիւնները ներկայացուցած էր գիրքերով կամ գիտական յօդուածներով։

Բոլոր անոնք, որոնք կը զբաղին հայկական հարցով միշտ նկատի առած են Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի տեսակէտներն ու համոզումները։ Պատմական ուսումնասիրութիւններու պարագային երբեք չէին անտեսուեր իր մօտեցումները։ Ռիչըրտ Յովհաննիսեան բառին բուն իմաստով յղման կէտ մըն էր պատմագրութեան մէջ։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք իր համոզումները չէին բաժներ ու կը ջանային հերքել անոր տեսակէտները, անհրաժեշտութիւն կը զգային լրջօրէն հաշուի նստելու Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի դիտանկիւնին հետ։ Հասկնալիօրէն, Ռիչըրտ Յովհաննիսեան Թուրքիոյ մէջ կը համարուէր անզիջում առաւելապաշտ մը, սակայն, առարկայական իրողութիւնը այն է, որ Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի մակարդակով ու խտութեամբ իսկապէս քիչեր կեդրոնացած են հայկական հարցի պատմական ծալքերուն վրայ, այս ուղղութեամբ մարմնաւորած են պատմագրութեան դպրոց մը՝ մանաւանդ հայոց պետականութեան վերաբերեալ չափումներուն ալ ընդգրկումով։

Այս համայնապատկերին վրայ ան կը յաջողէր հնարաւորինս խնայել իր վարկը՝ քանի կը կարողանար զերծ մնալ ինքնանպատակ ու մաշեցուցիչ բանավէճերէ, որոնք կրնային զինքը շեղեցնել իր աշխատանքներու եւ համոզումներու ուղիէն։ Ան կը ջանար հանդէս գալ գիտական փաստերու եւ ապացոյցներու հիման վրայ արտայայտուողի մը դիրքերէն, ինչ որ զինքը առաւել չափով կը պահէր իր բարձրութեան վրայ։ Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի կորուստի տխուր պահուն անկարելի է մոռնալ այս բոլորը՝ քանի ո՛չ միայն իր տաղանդով ու կարողութիւններով, այլեւ իր վառ անհատականութիւնով ալ ան կը համարուէր իսկական գիտնականի կերպար մը։

Հարկ է յիշեցնել, որ Ռիչըրտ Յովհաննիսեան զանազան առիթներով այցելած էր նաեւ Թուրքիա։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 12, 2023