ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՊԼԻՆՔԸՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները անդրադարձան տարածաշրջանէն ներս հաստատուած իրադրութեան, Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ բանակցութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման համար անհրաժեշտ քայլերուն՝ ներառեալ Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութիւնը։ Փաշինեան շեշտեց, որ հայկական կողմը այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ կը համարէ միջազգային ներգրաւուածութիւնը։ Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած մարդասիրական տագնապի խորացման եւ զայն յաղթահարելու տեսակէտէ անհրաժեշտ հաւանական քայլերուն։ Փաշինեան եւ Պլինքըն ընդգծեցին տարածաշրջանէ ներս կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերու անհրաժեշտութիւնը։ Փաշինեան վերահաստատեց Հայաստանի կառավարութեան հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին նկատմամբ։
Այս հեռախօսազրոյցը զուգադիպեցաւ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ յառաջիկային Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած հերթական բանակցութիւններուն ընդառաջ՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։
Մինչ այդ, Ատրպէյճան Լաչինի միջանցքէն՝ առանց այդ ալ շատ սահմանափակ բոլոր անցքերը դադրեցուցած է, ինչ որ չափազանց մտահոգիչ համեմատութիւններու հասցուցած է Արցախի պաշարումը։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը երէկ ալ շարունակեցին հրադադարը խախտել եւ կրակ բացին թէ՛ Արցախի եւ թէ Հայաստանի վրայ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Ստեփանակերտէն ներս տեղի կ՚ունենան իրերայաջորդ խորհրդակցութիւններ։ Երէկ, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ժողով մը, որու ընթացքին շօշափուեցան անվտանգային մարտահրաւէրներու եւ մարդկային տարրական կարիքներու դիմագրաւման հրատապ խնդիրները։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ շեշտուեցաւ, որ Արդարադատութեան միջազգային ատեանը վերահաստատած է Ատրպէյճանի իրաւական պարտաւորութիւնները՝ ձեռնարկելու համար բոլոր միջոցները Լաչինի միջանցքով անխափան տեղաշարժը ապահովելու նպատակով։