ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԿԱՐԾԻՔԻ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի տանտիրութեամբ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին։ ՆԱԹՕ-ի 75-ամեակի յոբելենական գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, դաշինքի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ի պատիւ կազմակերպուած էր այս ճաշկերոյթը։

Արարատ Միրզոյեան տեղեկացուց, որ սա լաւ հնարաւորութիւն մը եղած է պաշտօնակիցներու հետ կարծիքներ փոխանակելու համար՝ տարածաշրջանային իրադարձութիւններու, աւելի անվտանգ ու կայուն Հարաւային Կովկասի մը ուղղեալ Հայաստանի տեսլականին եւ ընթացիկ մարտահրաւէրներուն շուրջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2024