ՌՈՒԱՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՀՐԴԵՀ

Ֆրանսայի Ռուան քաղաքին մէջ երէկ ծագած հրդեհը միջազգային լրահոսին մէջ առաջնահերթ տեղ գտաւ։ Այսպէս, Ռուանի Մայր տաճարի գմբէթէն սկսան ծուխեր բարձրանալ՝ մինչ բոլոր այցելուները տարհանուեցան։

Ռուանի այս սրբավայրը աշխարհի ամենաբարձր կոթիք տաճարներէն մին է։ 12-16-րդ դարերուն կառուցուած տաճարին բարձրութիւնը կը կազմէ 151 մեթր։ Ռուանի Մայր տաճարը ընդգրկուած է Ֆրանսայի ազգային ժառանգութեան ցանկին մէջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2024