Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ԶԱՐԻՖԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆի Թուրքիա կատարելիք այցելութիւնը յետաձգուեցաւ։ «Րէօյթըրզ» գործակալութիւնը Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն հիման վրայ տեղեկացուց, թէ յայտնի չէ այս այցելութեան յետաձգման պատճառը ու կը պակսին տեղեկութիւնները նաեւ այն մասին, թէ ի՛նչ ժամկէտով յետաձգուած է այդ մէկը։
Թեհրանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն հիման վրայ անցեալ շաբաթ կարգ մը աղբիւրներ տեղեկացուցած էին, թէ Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆ Անգարա պիտի այցելէր՝ տարածքաշրջանային ուղեւորութեան մը շրջագծով։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գային Սուրիոյ ճգնաժամը։
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2015