ՌԱԶՄԱՕԴԱՆԱՒԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏ
Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմախարիսխին ենթակայ ռազմաօդային ուժերը այս շրջանին կը փորձարկեն ՄիԳ-29 նոր ռազմաօդանաւերը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ փորձարկումները կը կատարուին Հայաստանի ռուսական ռազմախարիսխէն ներս։ Երեւանի «Էրեբունի» ռազմական օդակայանէն ներս օդաչուները ձեռնամուխ եղած են հիմնանորոգումէ վերջ անցեալ Յունիսին ստացուած նոր՝ չորրորդ սերունդի այս կործանիչ ռազմաօդանաւերու փորձնական թռիչքներուն։
Ռուսական զինուորական աղբիւրներու հաղորդումներով, մէկ ամսուան ընթացքին ճարտարագէտներ եւ այլ մասնագէտներ պատրաստած են այս արդի ռազմաօդանաւերը ու կատարած՝ լիակատար համալիր աշխատանքներ, որոնք բաղկացած են աւելի քան հարիւր տարբեր թեքնիկ գործողութենէ։ Ստուգուած են բոլոր համակարգերուն եւ սարքաւորումներուն աշխատունակութիւնը։ Զննուած են շարժիչները վառելիքի շտեմարանները, փոխուած են իւղերն ու յատուկ հեղուկները։ Այս բոլորը իրականացուած են ռազմաօդանաւերու թեքնիկ վիճակը պարզելու եւ ամրան տաքուն, բարձր լեռնային պայմաններու ներքեւ անոնց անխափան աշխատանքը ապահովելու առաջադրութեամբ։
Փորձարկումներու աւարտին ռազմաօդանաւերուն պիտի տրուին թիւեր։ Ռուսական բանակի աւանդութիւններուն համաձայն, այդ ռազմաօդանաւերը պիտի օծուին եւ անոնց պիտի շնորհուին երկնային հովանաւոր սուրբերու անուններ։