ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԶՈՀՈՒԱԾ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ զո­հուե­ցաւ 22-ա­մեայ հա­յազ­գի զի­նուոր մը՝ Հա­բէթ Մա­նուկ Ա­բի­կեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Զա­պա­տա­նի շրջա­նին մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցած բա­խում­նե­րուն զոհ գա­ցած է Ա­բի­կեան, որ կը կռուէր Սու­րիոյ բա­նա­կի շար­քե­րէն ներս։ Ան ծնած էր 1993 թուա­կա­նին։

Սու­րիոյ մէջ չորս տա­րիէ ի վեր կը շա­րու­նա­կուի ներ­քին պա­տե­րազ­մը եւ ՄԱԿ-ի տուեալ­նե­րով՝ զո­հե­րուն թի­ւը հա­սած է երկու հարիւր հա­զա­րի։ Այն­տեղ զո­հուած հա­յե­րուն թիւն ալ գե­րա­զան­ցած է հա­րիւ­րի սահ­մա­նը։

 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2015