ՎԱՂԸ ՆՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Այս առթիւ պետական աւագանին համախմբուեցաւ Նախագահական պալատի երդիքին տակ, ուր մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Նեճտէտ Էօզէլի, որ յառաջիկայ Օգոստոսի 30-ին պիտի կոչուի հանգստեան։ Հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Նեճտէտ Էօզէլը պարգեւատրեց պետական պատուոյ մետայլով։
Էրտողան թէ՛ այս հանդիսութեան ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը եւ թէ անոր յաջորդած ընդունելութեան ժամանակ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Երկու շարժառիթներով ալ ան անդրադարձաւ երկրի հրատապ օրակարգին վերաբերեալ նիւթերու։ «Մենք լաւ գիտենք ահաբեկչութեան նպատակը, թիրախները, ստեղծել ձգտած վախու մթնոլորտը։ Մենք գիտենք այն ծուղակը, որուն մէջ ներքաշել կ՚ուզեն Թուրքիան եւ մենք երբեք պիտի չիյնանք այդ ծուղակին մէջ։ Տեղի պիտի չտանք բոլոր անոնց, որոնք կ՚ուզեն մեր երկիրը տեղափոխել Սուրիոյ կրակն ու Իրաքի անկայունութիւնը», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, թէ ահաբեկչութեան դիմաց երկիրը կը պահէ իր վճռական կեցուածքը։ Նախագահը շեշտեց նաեւ, որ որեւէ տարբերութիւն գոյութիւն չունի ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն միջեւ։ Ան համոզուած է, թէ անոնք, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութեան չեն կրնար ըսել, որ բռնութիւնը լուծում մը չէ՝ ներկայիս դէմ կ՚արտայայտուին գործողութիւններուն։ Էրտողան յիշեցուց, որ վերջին տասներկու տարուան ընթացքին ժողովրդավարութեան ու զարգացման ճանապարհին Թուրքիան հասած է մրցանիշներու։ Երկիրը լուռ յեղափոխութիւն մը ապրած է ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւանց, քաղաքային քաղաքականութեան ամրապնդման, ազատութիւններու ընդլայնման առումով։ Ան շեշտեց նաեւ, թէ ոմանք փորձած են չարաշահել լուծման գործընթացը, իսկ իրենք երբեք տեղի պիտի չտան այդ չարաշահումներուն ու մանաւանդ անոր պատրուակով ահաբեկչական կազմակերպութեան օրինականացման։
Էրտողան երէկուան յայտարարութիւններուն ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացին։ Ըստ իրեն, երկիրը բացարձակապէս պէտք չէ մնայ առանց կառավարութեան։ Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, թէ ինք լաւ գիտէ իր գործունէութեան սահմանադրութեամբ նախատեսուած սահմանները եւ չի կրնար ընդլայնել նոր կառավարութեան ձեւաւորման համար նախատեսուած քառասունհինգ օրուան ժամկէտը։ Ըստ իրեն, ինք կառավարութիւնը կազմելու պաշտօնը յանձնած էր Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուին, որ կրնայ շփում մը ունենալ նաեւ ՄՀՓ-ի հետ։ Էրտողան կը նախատեսէ նաեւ նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացին շուրջ խորհրդակցութիւն մըն ալ ունենալ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Իսմէթ Եըլմազի հետ։
Միւս կողմէ, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուն ալ նոյն ընդունելութեան ընթացքին զրուցեց լրագրողներուն հետ։ Ան ըսաւ, թէ բացարձակ կարծիքներ պէտք չէ արտայայտել՝ նոր նախարարաց խորհուրդը ձեւաւորելու ուղղեալ ջանքերու մթնոլորտին մէջ։ Երէկ արդէն պաշտօնապէս հաղորդուեցաւ, թէ Ահմէտ Տավուտօղլու վաղը կէսօրուան ժամերուն անգամ մը եւս պիտի մէկտեղուի ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ։ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ յայտնեց, թէ պէտք չէ պատմական յայտարարութեան ակնկալութեան մէջ ըլլալ վաղուան համար։