Չորեքշաբթի 26, Փետրուար 2025
ՍԵԴԱ ԹՈՒԹԽԱԼԵԱՆԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Ռուսաստանի հաւաքականի անդամ, 17-ամեայ Սեդա Թութխալեան իր խմբակիցներուն հետ, «Ռիօ-2016»ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն հանդիսացաւ փոխ-ախոյեան՝ մարմնամարզութեան խմբային մրցումներուն ընթացքին:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ տիրացան ոսկի մետայլին, մինչ Չինաստան՝ պրոնզ մետայլին:
Սեդա Թութխալեան ծնած է Կիւմրիի մէջ եւ աշխարհի սամպոյի եռակի ախոյեան Գուրգէն Թութխալեանի դուստրն է: 1999 թուականին ան իր ընտանիքին անդամներուն հետ տեղափոխուած է Մոսկուա:
Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016