ԱՀԱՒՈՐ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ կը շա­րու­նա­կեն սաս­տիկ հա­րուած­ներ հասց­նել ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան։ Ան­գա­րա­յէ հա­սած լու­րե­րուն հա­մա­ձայն, թրքա­կան ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը նա­խըն­թաց ե­րե­կո­յեան Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ լուրջ հա­րուած­ներ հաս­ցու­ցին ՓՔՔ­-ի լծակ­նե­րուն դէմ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, 21 ռազ­մաօ­դա­նա­ւեր մաս­նակ­ցե­ցան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ուղ­ղուած էին ՓՔՔ­-ի 64 թի­րախ­նե­րուն դէմ։ «F-16» եւ «F-4 2020» տի­պի ռազ­մաօ­դա­նա­ւեր ան­ցեալ գի­շեր խտա­ցեալ ձե­ւով ռմբա­կո­ծե­ցին Քան­տի­լի, Հաք­քուր­քի, Ա­ւա­շի­նի, Մե­թի­նա­յի, Պայ­սա­նի, Կա­րա­յի եւ Զա­փի շրջան­նե­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րուն կող­մէ փո­խան­ցուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, առնուազն 60 ա­հա­բե­կիչ չէ­զո­քա­ցուե­ցաւ այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Կա­րա­յի մէջ ալ ոչնչա­ցուեցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան մե­ծա­գոյն զի­նա­նոց­նե­րէն մին։ Կէս գի­շե­րէն 10 վայր­կեան ա­ռաջ սկսած ռմբա­կո­ծում­նե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան մին­չեւ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րը։ Անվ­տան­գու­թեան աղ­բիւր­նե­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծե­ցին, որ Կա­րա­յի մե­ծա­գոյն զի­նա­նո­ցի ռմբա­կո­ծում­նե­րէն վերջ այն­տեղ պայ­թում­նե­րը շա­րու­նա­կուած են շուրջ 2 ժամ։​

Միւս կող­մէ, Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րէն ներս եւս անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը ա­նընդ­հատ կը շա­րու­նա­կեն ՓՔՔ­-ի դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Վեր­ջին օ­րե­րուն Աղ­րըի շրջա­նին կեդ­րո­նա­ցան այդ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Լեռ­նա­յին շրջան­նե­րուն մէջ ՓՔՔ­-ի դէմ թէ՛ ցա­մա­քէն եւ թէ օ­դէն ազ­դու հա­րուած­ներ տրուե­ցան։ Աղ­րըի կու­սա­կա­լու­թեան կող­մէ տե­ղե­կա­ցուե­ցաւ, թէ «Քոպ­րա» տի­պի ուղ­ղա­թիռ­նե­րով կրա­կա­հեր­թի տակ առ­նուե­ցան այն քա­րան­ձաւ­նե­րը, ո­րոնք կ՚օգ­տա­գործուին ՓՔՔ­-ա­կան­նե­րուն կող­մէ։ Քա­ղա­քի լեռ­նա­յին այլ շրջան­նե­րէն եւս Ոս­տի­կան զօ­րաց յա­տուկ ջո­կատ­նե­րը կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ՝ ուղ­ղա­թիռ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2015