«ԱՐԾԻՒ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ-2023»
Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերը երէկ սկսան համատեղ զօրավարժութիւններու, որոնք պիտի տեւեն շուրջ շաբաթ մը։ Հայ-ամերիկեան այս ռազմափորձերը կը կոչուին «Արծիւ գործընկեր-2023»։ Միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մէջ մասնակցութեան նախապատրաստման շրջանակներէն ներս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան խաղաղապահ զօրախումբի «Զառ» ուսումնական կեդրոնէն ներս տեղի կ՚ունենան ռազմափորձերը, որոնք պատճառ դարձած են Ռուսաստանի լուրջ անհանգստութեան ու բողոքին։
Ռազմափորձերու ընթացքին կը խաղարկուին պայմանական հակամարտ կողմերու միջեւ կայունացման ապահովման գործողութիւններ՝ խաղաղապահ առաջադրանքներու կատարմամբ։ Զօրավարժութիւններու նպատակն է բարձրացնել միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակից ստորաբաժանման համագործակցութեան ընդունակութեան մակարդակը խաղաղապահ գործողութիւններու շրջանակին մէջ, իրականացնել կառավարման ու մարտավարական հաղորդակցութեան լաւագոյն փորձառութեան փոխանակումը, ինչպէս նաեւ բարձրացնել հայկական ստորաբաժանման պատրաստութեան աստիճանը՝ ՆԱԹՕ-ի «Օփերաթիւ կարողութիւններու համակարգ» ծրագրային գնահատման համար։
Համատեղ զօրավարժութեան բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ եւ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ զօրավար Էտուարտ Ասըրեան։